Հայր ԺոզէՖ Քոլաչէքը Հայր ԺոզէՖ Քոլաչէքը 

Իր հոգին աւանդեց առ Հայր Ռատիօ Վատիկանի Չեխ բաժանմունքի երբեմնի տնօրէն Հայր ԺոզէՖ Քոլաչէքը։

Հայր Քոլաչէք ծնած էր Նախկին Եուկոզլավիայի Պրնօ քաղաքին մէջ 1929-ին եւ 1948-ին որոշած է անդամակցիլ Յիսուսեան միաբանութեան

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 10 սեպտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ՝ 90 տարեկանին, իր հոգին աւանդեց առ Հայր՝ Յիսուսեան Միաբնութեան անդամ՝ Հայր Ժոզէֆ Քոլաչէքը որ իր հայրենակիցներուն շատերուն նման, իր հաւատքը ապրած էր ընդհատակեայ, ի տես համայնավար վարչակարգի հալածանքներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Հայր Քոլաչէք ծնած էր Նախկին Եուկոզլավիայի  Պրնօ քաղաքին մէջ 1929-ին եւ 1948-ին որոշած է անդամակցիլ Յիսուսեան միաբանութեան,  գաղտնաբար   կատարելով փիլիսոփայական եւ աստուածաբանական ուսումները, որոնց աւարտին, կը ձեռնադրուի Քահանայ 1968-ին։

Երկրին մէջ տիրող անկարգութիւններու ու հալածանքներու բերումով կը ստիպուի գաղթել նախ ապաստան գտնելով Ավստրիոյ մէջ ապա փոխադրուելով Հռոմ՝ ուր կը ստանձնէ Ռատիօ Վատիկանի Չեխ բաժնի պատասխանատուութիւնը որ կը վառէ մինչեւ 2001 թուական ու այդ թուականէն ետք շարունակելով ապահովեցնել իր համագործակցութիւնը մինեչւ 2012 թուական։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/09/2019, 12:00