Որոնել

Քոյր Ուղիտա եւ Սուրիոյ առաջին տիկին Ասմա Ալ Ասատ Քոյր Ուղիտա եւ Սուրիոյ առաջին տիկին Ասմա Ալ Ասատ 

Ոչ եւս է Հայ քոյրերու Անարատ Յղութեան միաբանութեան Անդամ Քոյր Ուղիտա Պերնոթին

Վերջին տարիներուն Քոյր Ուղիտա ծառայած է դամասկոսի մէջ:

Դամասկոսի մէջ իր յաւիտենական հանգիստը գտած է Հայ Կաթողիկէ Քոյրերու «Անարատ Յղութեան» անդամ Քոյր Ուղիտա Պերնոթին

Հալէպ ծնած եւ Անարատ յղութեան իր ուխտը տուած Քոյր Ուղիտա երկար ժամանակ ծառայած է որպէս դաստիարակ:

Վերջին տարիներուն ան ծառայած է դամասկոսի մէջ ուր կը վարէր հայ Կաթողիկէ Անարատ յղութեան քոյրերուն «ծաղկանց» մանկապարտէզի տնօրէնի պաշտօնը:

Հանգուցեալ մայրապետին վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը  կը կատարուի՝ ուրբաթ 27 սեպտեմբերին, դամասկոսի Հայ կաթողիկէ Թագուհի Տիեզերաց եկեղեցւոյ մէջ:    

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: 

Ունկնդրէ լուրը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2019, 09:15