Գերապայծառ Տելփինիի այցը Հայ Կաթողիկէ «Իման - Հաւատք» դպրոցին։ Գերապայծառ Տելփինիի այցը Հայ Կաթողիկէ «Իման - Հաւատք» դպրոցին։ 

Իտալական եկեղեցական պատուիրակութիւն մը այցելեց Հալէպի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարան։

Գերապայծառ Տելփինիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ Հայ Կաթողիկէ «Իման - Հաւատք» դպրոցը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

 Սուրիոյ մէջ քրիստոնեայ եկեղեցիներուն ու համայնքներուն մօտէն ծանօթանալու նպատակով եւ հասկնալու  համար անոնց դերակատարութիւնը, իտալական եկեղեցական պատուիրակութիւն մը ՝ Միլանօ թեմին  առաջնորդ՝ Գերապայծառ Տելփինիի գլխաւորութեամբ,  Սուրիա կատարած ճամբորդութեան ծիրէն ներս,  այցելած է Հալէպի մի շարք քրիստոնեայ համայնքներ, որոնց շարքին նաեւ Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանը՝ ուր դիմաւորուած է առաջնորդ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեանի կողմէ։

Ունկնդրէ լուրը

Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդը, բարի գալուստ մաղթելով հիւրերուն, մանրամասնութիւններ  ներկայացուցած է  համայնքի իրականութեան մասին ու պատերազմի օրերուն ապրուած ողբերգութիւններու վերաբերեալ ու այդ ահռելի օրերէն յառաջ եկած հոգեկան ու նիւթական աւերներու մասին։

Ան ապա ներկայացուցած է պատերազմէն ետք վերաշինութեան աշխատանքներու գործընթացը,  ի նշան վերածնունդի եւ ապագայի յոյսի։  

Այցելութեան ծիրէն ներս գերապայծառ Միրեաթեան հիւրերուն յանձնած է խորհրդանշական յուշանուէր՝ եկեղեցւոյ փլատակ առաստաղի փայտերով շինուած խաչ մը։

Պատուիրակութեան անդամները այցելած են նաեւ Հայ Կաթողիկէ «Իման – Հաւատք» դպրոցը հանդիպում ունենալով աշակերտութեանց հետ ու այդ առթիւ գերապայծառ Տելփինին ուրախութիւն յայտնելով Հալէպ գտնուելուն համար, մաղթանք յայտնած է որ դպրոցի աշակերտները կարողանան խաղաղ միջավայրի մէջ շարունակել իրենց ուսումը, պահպանելով իրենց ժառանգությունն ու մշակույթը և ապրելով եղբայրութեան տանիքի տակ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2019, 16:31