Խաչեալ Յիսուսի սրբանկարը Խաչեալ Յիսուսի սրբանկարը 

Հայր Գէորգ եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

Խաչը՝ Մեր Հաւատքի Փարոսը:

Խաչը միջոցն է մարդոց փրկութեան: Քրիստոսի փրկչագործական խաչելութեամբ է որ չարը պարտուեցաւ եւ մարդկութիւնը ազատեցաւ անոր գերութենէն: Խաչը, ամօթալիօրէն որպէս գործիք կը գործածուէր մահապարտներուն կեանքերուն վերջ տալու, ան դարձաւ փրկչագործութեան միջոց, մարդկութիւնը մահէն դէպի նոր կեանք փո-խադրելով: Հռոմէական հասկացողութեամբ խա-չը մահուան միջոց էր, իսկ Քրիստոսի յաղ-թական յարութեամբ ան դարձաւ կեանքի աղ-բիւր, որ եղաւ գրաւականը անդենական ու երկ-նային կեանքի ժառանգութեան համար:

Խաչը որ կը ներկայացնէր խաչուած Քրիստոսը, հրէաներուն համար նկատուեցաւ գայ-թակղութիւն, իսկ հեթանոսներուն համար՝ յիմա-րութիւն: Քրիստոնեաներուն համար խաչը եղաւ այն կամուրջը, որ մարդկութիւնը կ'առաջնորդէ մահուընէ դէպի կեանք եւ կը կերպարանափոխէ հին մարդը՝ տալով անոր աստուածային լուսա-ւոր զգեստը զինք քրիստոնեայ հաւատքին հրա-ւիրելով: Մեղքի պատճառաւ կը հեռանանք Աս-տուծմէ, կը հեռանանք լոյսէն եւ խաւարին մէջ կը գալարուինք մեղքի ծանրութիւնը մեր վրայ բեռցուցած :
Հայ ժողովուրդը սուրբ Խաչի հանդէպ ունե-ցած իր ջերմեռանդութեան պատճառաւ կոչուած է նաեւ խաչապաշտ ժողովուրդ:

Պատմական Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը եւ այլակրօն պետութիւններէ շրջապատուած ըլլալը աւելիով հայ ազգը կապած է խաչին, որ դարձաւ անոր միակ ապաւէնը արհաւիրքներուն դիմաց: Խաչը շաղախուած է հայ գիտակցութեան մէջ, դառ-նալով կեանք բաշխող աղբիւր, որ յագեցուցած է բոլոր անոնք, որոնք դիմած են անոր:
Սուրբ Խաչը կը ներկայանայ հայոց համար, որպէս գիշերը լուսաւորող աստղ, ինչպէս որ պատմութեան ընթացքին խաւարի եւ մշտատեւ վտանգի ենթարկուած եղած է հայ ժողովուրդի կեանքը: Խաչին ապաւինելով հայը յաղթահա-րած է ամէն արհաւիրք, որ վտանգի ենթարկած է հայ ժողովուրդին գոյութիւնը:
Խաչին մագնիսական խորհրդաւորութիւնը եղած է մեծագոյն գոհունակութիւնը հայ ժո-ղովուրդին, որ քրիստոնէութեան աոաջին դարա-շրջանէն իսկ, ըմբռնած է խաչի կարեւորութիւնը իր առօրեայ կեանքին մէջ: Հեթանոսական կուռ-քերու քանդումով, խաչեր զետեղուած են Հայաս-տան աշխարհի ամբողջ տարածքին, որպէս նշան քրիստոնէութեան յաղթանակին:

Դարերու ընթացքին, Եկեղեցւոյ հայրերը յօ-րինած են շարականներ, որոնք հիւսած են սուրբ Խաչի գովքը: Հայ ժողովուրդը դիմած է խաչին, որպէս հոգեւոր եւ մարմնաւոր բժշկութիւն պար-գեւող իրականութիւն: Խաչը եղած է ապաւէն մեղաւորներու, տառապեալներու, զրկեալներու եւ անիրաւուածներու, որոնք իրենց յուսահատ կեանքի մթութեան մէջէն միշտ գտած են յոյսը՝ հետեւելով խաչի լուսաւոր փայլքին:

Մեր շարակնոցին մէջ, շարադրուած են սուրբ Խաչին մասին շարականներ, որոնք պաշ-տպանած են հաւատացեալները չարէն եւ կրկին հրաւիրած են զանոնք դէպի հաւատքի աղբիւրին՝ հաւատքի փարոսին: Յուսահատութեան խորերը ընկղմած անձեր, դիմելով սուրբ Խաչին, կերպա-րանափոխուած են յոյսի վերագտնումով:
Երբ կ'աղօթենք, աւելիով կը լուսաւորուինք. երբ կը լուսաւորուինք, կը տեսնենք աստուա-ծային բարութեան ու ողորմածութեան գագաթ-նակէտը. իսկ երբ այս վիճակին կը հասնինք, կը սիրենք մեր շուրջինները Աւետարանի հասկա-ցողութեամբ:
Մեղքը մեզ կը հեռացնէ աստուածային երա-նութիւններէն, սակայն, հաւատալով սուրբ Խաչի զօրութեան եւ դիմելով անոր՝ որպէս փրկութեան կամուրջ, կը փրկուինք իւրաքանչիւրս անխտիր ու կը միանանք Աստուծոյ, ապրելով մեր քրիս-տոնեայ կոչումը ամէն օր:


Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/09/2019, 12:02