Առանց սահմանի խաղաղութիւն Առանց սահմանի խաղաղութիւն 

Խաղաղութեան նուիրուած միջազգային հանդիպում Մատրիտի մէջ։

Խաղաղութեան միջազգային վերոնշեալ հանդիպումը խաղաղութեան վերաբերող ամենամեծ հաւաքներէն մին է ու նպատակ ունի գործնական պատասխաններ շնորհել ի նպաստ խաղաղութեան ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

15էն 17 սեպտեմբեր 2019-ին, Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան հովանաւորութեամբ ու Մատրիտի Թեմի համագործակցութեամբ, նախատեսուած է Խաղաղութեան նուիրուած՝ «Խաղաղութիւն առանց սահմանի»  խորագիրով միջազգային հաւաք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն  եկեղեցական, քաղաքական ու մշակոյթի եւ գիտական աշխարհի բարձրաստիճան 3000 անձնաւորութիւններ, միասնաբար «ոչ» ըսելու աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ տիրող պատերազմներուն ու աճ արձանագրող բռնութիւններուն եւ ցեղապաշտութեան երեւոյթներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Խաղաղութեան միջազգային վերոնշեալ հանդիպումը նկատուած է խաղաղութեան վերաբերող ամենամեծ հաւաքներէն մին ու նպատակ ունի գործնական պատասխաններ շնորհել ի նպաստ խաղաղութեան ։

Նորոգելով «Ասսիզիի հոգին» Սանդ Էճիտիոյ հասարակութիւնը կը ձգտի զարգացնել երկխօսութեան ցանցը, որ կարող եղած է գործելու ի նպաստ խաղաղութեան ու կրօնները անջատ պահել պատերազմներէ ու բռնութեան եւ ահաբեկութեան ամէն տեսակ արարքներէ։

Խաղաղութիւն հաւաքի բացումը տեղի կ՛ունենայ 15 սեպտեմբերի երեկոյեան 6-ին  Մատրիտի «Palacio Municipal de Congresos» պալատին մէջ, մինչ անոր փակումը նախատեսուած է 17 սեպտեմբերին  «plaza de la Almudena» հրապարակին վրայ կատարուած խաղաղութեան համար համամիութենական ու միջկրօնական աղօթքով ու կրօններու Ղեկավարներու կոչով։

Հաւաքի ընթացքին քննարկուած նիւթերու շարքին է միջ կրօնական ու համամիութենական երկխօսութիւնը, զինաթափումը, գաղթականութիւնը, տնտեսութիւնը, զարգացումը, ընկերային արդարութիւնը ու յատուկ ուշադրութիւն պիտի յատկացուի բնապահպանութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2019, 09:21