Որոնել

«Քրիստոնէական համընդհանուր ժառանգութիւնը սուրբ հովիտի մէջ» գիտաժողով։ «Քրիստոնէական համընդհանուր ժառանգութիւնը սուրբ հովիտի մէջ» գիտաժողով։  

Լիբանան. «Քրիստոնէական համընդհանուր ժառանգութիւնը սուրբ հովիտի մէջ» նիւթով գիտաժողով։

Այս հովիտը եղած է եւ կը մնայ քրիստոնէութեան յենակէտը Լիբանանի եւ համայն Արևելքի մէջ» Գերապայծառ Ասատուրեան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 18 եւ 19 Սեպտեմբեր 2019-ին, Լիբանանի Մարոնիներու Պատրիարքութեան ամարանոց՝ Տիմանի մէջ  տեղի ունցաւ  «Քրիստոնէական համընդհանուր ժառանգութիւնը սուրբ հովիտի մէջ» նիւթով գիտաժողով, մասնակցութեամբ ՝ Արեւելեան Կաթողիկէ եւ Ուղղափառ Պատրիարքներուն ու անոնց ներկայացուցիչներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Գիտաժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ յանուն Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց՝ Գրիգոր  Պետրոս Ի կաթողիկոս Պատրիարքին,  Արհիապատիւ  Գէորգ   եպիսկոպոս Ասատուրեանը, մինչ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէր Սրբազան Մակար Աշքարեանը։

Գիտաժողովին  բացումը կատարեց Մարոնի Համայնքի Պատրիարք Կարդինալ Պշարա Ռային, որ այս առթիւ օրհնեց ու բացումը կատարեց նաեւ յիշողութեան եւ մամլոյ տունին։

Այնուհետև Կարդինալ Ռայի ողջունեց ներկաները իր ուրախութիւնը յայտնելով անոնց ներկայութեան համար ու գնահատելով անոնց ներդրումը։  Ծիրանաւորը  ապա Վեհափառ Արամ Ա-ի մայր՝ տիրամայր տիկին Լուսին Քէշիշեանի մահուան առթիւ  ցաւակցութիւնները փոխանցեց վեհափառ հայրապետին ու անոր ընտանեկան պարագաներուն։

Պատրիարքը արժեւորեց  «համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ գտնուող Սուրբ հովիտը» մատնանշելով անոր կարեւորութեան՝ ոչ միայն Մարոնի Համայնքին համար, այլ բոլոր այն համայնքերուն  որոնք ժամանակին այնտեղ ունեցած են իրենց վանքերն ու ծուխերը, հրամայական նկատելով վերակենդանացնել անոնց յիշատակը, ու այնպէս ընել որ այդ ժառանգութիւնը մոռացումի չի մատնուի։

Այս առթիւ խօսք առաւ նաեւ Արհիապատիւ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան  որ  ակնարկեց  Մարոնի եկեղեցւոյ որպէս «Լիբանանի ու մերձաւոր արեւելքի մէջ  քրիստոնէական ջահ», նշելով թէ Ան ունի «առաջատար դեր» նմանատիպ հոգեւոր, մշակութային ու մտաւոր հանդիպումներ կազմակերպելու գործին մէջ, որ հնարաւորութիւն կու տայ աւելիով ծանօթանալու«բնական գանձերուն» ու գնահատելու անոնց պատուաւոր պատմութիւնը։

Գերապայծառ Ասատուրեան կարեւոր նկատեց առ այդ նպաստել  այդ գանձերը ծանօթացնելու նաեւ ուրիշներուն ու աւելիով ամրապնդելու հաւատքը «որպէսզի միասնաբար դիմագրաւուին ամէն տեսակի ժամանակաւոր դժուարութիւնները» ըսաւ Ան ակնարկելով Լիբանանի մէջ հայերու ներկայութեան որ սկիզբ առած է ԺԸ դարուն ապա աւելիով աճած է Օսմանեան կայսրութեան Հայերու դէմ կիրակուած ցեղասպանութիւնէն ետք։

«Մարոնցիներն Լիբանանի մէջ մեզ ընդունեցան որպէս եղբայրներ, ու մենք կիսեցինք ողբերգութիւնը, հացը, ջուրը և լաւ հողը: Մեր փոխյարաբերութիւնն ու բարեկամութիւնն այնքան ուժեղ են, որքան Արարատ լեռի, Սեդր լեռան և Քանուբինի հովտի սրբութիւնը» հաստատեց գերապայծառ Ասատուրեանը ապա մատնանշեց Լիբանանի մէջ դարերու հոլովոյթին հայ հոգեւորականներու ներկայութեան փաստերուն, ու խօսքի աւարտին նշեց թէ «Լիբանանը սրբութեան և առաքելութեան երկիրն է, Ան հաղորդութիւն և քրիստոնէական հաւատարիմ սուրբ ժառանգութիւն է,  որտեղ  մենք ծնած ենք եւ ուր մենք կ՛ապրինք եւ կը վայլենք անոր բարիքները հաւատարիմ մնալով անոր: Մեր գործունէութեան և տաղանդներու շնորհիւ մենք արդիւնաւէտ կերպով նպաստեցինք Լիբանանի աճին և բարգաւաճմանը, և այսօր կը հանդիսանանք  լիբանանեան հասարակութիւնը բնութագրող կրօնական և էթնիկական խճանկարների բաղկացուցիչ մասը»

Արհիապատիւ գերապայծառը խօսքը եզրափակեց հաստատելով որ «Քաննուբինի հովիտը կը մարմնաւորէ անցեալը իր բոլոր փառքերով, ներկան իր բոլոր մրցոյթներով և խոստումնալից ապագայ `իր բոլոր երազանքներով և քրիստոնէական հաւատքը ապրելու յոյսերով: Այս հովիտը եղած է եւ կը մնայ քրիստոնէութեան յենակէտը Լիբանանի եւ համայն Արևելքի մէջ»։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/09/2019, 10:00