Որոնել

09 Dormizione_della_Vergine Paolo Veneziano (Venezia, Chiesa di San Pantalon) ok.jpg

Ծիսական գիտելիքներ։ Գ. Շաբաթ Վերափոխումէն ետք (8 -15 Սեպտեմբեր 2019)։

Կիրակի 8 Սեպտեմբերին` սկսաւ վերափոխման երրորդ շաբաթը մինչ կիրակի 15 Սեպտեմբերը՝ Խաչվերաց է. Տօն Վերացման Ս. Խաչի։

Կիրակի 8 Սեպտեմբերին` կը սկսինք վերափոխման երրորդ շաբաթը. Կիրակի օրուայ աւետարանը մեզ կը տանի Գալիլիա, ուր Քրիստոս առաջին անգամուան համար կը բազմացնէ հացերն ու ձուկերը – 5 հաց եւ երկու ձուկ – եւ զանոնք կը բաժնէ 5000-էն աւելի անձերու։ Զգայացունց հրաշք մը որ աչքերը կը բանայ իր հայրենակիցներուն` Նազարէթցիներուն, որոնք զինք գրեթէ վտարած էին իրենց քաղաքէն, որով Յիսուս, տեսնելով իրենց թերահաւատութիւնը, հրաշք չէր կրցած գործել հոն եւ ըսած էր հետեւեալ նշանաւոր խօսքը. Մարգարէն ընդունուած չէ իր հայրենիքին մէջ։

Հետաքրքրական է դիտել ու վերլուծել Քրիստոսի ընթացքը. Նախ իր անսահման գութը ժողովուրդին վրայ, ապա իր որոշումը աշակերտները եւս մասնակից դարձնելու հացերու բազմացման հրաշքին, իրենց յանձնելով հացերն ու ձուկերը ժողովուրդին բաժնելու պաշտօնը. Եւ երրորդ` կանոնաւորութիւնը խումբերու բաժանման եւ խոտերու վրայ տեղաւորումին, որպէսզի աւելորդ խառնաշփոթութիւններ տեղի չունենան։

Հացերու հրաշքը մին է անոնցմէ որոնք կը փաստեն ակնբախ կերպով Յիսուսի գերակայութիւնը բնութեան օրէնքներուն վրայ, ինչպէս նաեւ իր կարողութիւններուն անսահման տարողութիւնը։ Արդարեւ ինք Աստուած է, որովհետեւ Աստուած միայն կրնայ գեր ի վեր ըլլալ բնութեան օրէնքներէն եւ խախտել զանոնք, մարդկութեան օգտակար դառնալու նպատակով։

Միշտ կիրակի  օր` 8 Սեպտեմբերին, բոլոր եկեղեցիներու մէջ` տօնն է Սուրբ Կոյս Մարիամի Ծննդեան. Եկեղեցին որոշած է Աստուածամօր Անարատ Յղութեան եւ Ծննդեան թուականները, հետեւելով հին Սուրբ Հայրերու Աւանդութեան։ Ինչպէս Յիսուսի Ծննդեան թուականները, նոյնպէս ալ Աստուածածնայ յղութեան ու ծննդեան թուականները յայտնի չեն առաքելական դասուն. Հետագային յարմարցուած թուականներ են։

Աստուածածնայ Ծննդեան տօնը յատուկ յիշատակի արժանի է, մանաւանդ հայ կաթողիկէ ծիսարանի մէջ, որովհետեւ այդ օրն է որ, 8 սեպտեմբեր 1701-ին, Կ.Պոլսոյ մէջ, իր շուրջը հաւաքելէ ետք 8 աշակերտներ, Մխիթար Սեբաստացի հիմնեց իր Միաբանութիւնը, զոր նախապէս նուիրած էր Աստուածածնի. Իր մահէն ետք է որ իր աշակերտները կոչուեցան Մխիթարեաններ։

Բոլոր շաբաթը, երկուշաբթի օրէն մինչեւ Ուրբաթ, պատրաստողական պահք մըն է Սուրբ Խաչի տօնին առթիւ. Խաչվերացը, կամ Սուրբ Խաչի յաղթական վերադարձին տօնը, 5 տաղաւարներէն մին է հայկական տօնացոյցին. Այս պատճառաւ ալ կ՛ընդգրկէ պատրաստողական պահք եւ ապա` տօնէն ետք, նաեւ օր մեռելոց եւ տօնի շարունակութիւն, ամբողջ շաբաթ մը։

Շաբաթ 14 Սեպտեմբերը` Նաւակատիքն է Սուրբ Խաչին.

Նաւակատիքը շաբաթապահքի մը աւարտին` պահքի մեղմացումն է. Այն օրը կարելի է զոր օրինակ ձկնեղէն ու կաթնեղէն ուտել։ Սակայն Նաւակատիք կը կոչուի նաեւ եկեղեցւոյ մը շինութեան աւարտին կատարուած հանդէսը. Ամէն տարի, նոյն եկեղեցւոյ կառուցման տարեդարձի օրը կը կոչենք մեր ծէսին մէջ ՝՝Նաւակատիք՝՝։

Շաբաթապահքը եւ Նաւակատիքը նիւթական ու մարմնական պատրաստութիւններ են Սուրբ Խաչի մեծ տօնին, որուն պէտք է նաեւ պատրաստուիլ հոգեպէս, աղօթքով ու ապաշխարութեամբ։

Կիրակի 15  Սեպտեմբերը՝  Խաչվերաց է. Տօն Վերացման Ս. Խաչի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/09/2019, 08:19