Ծիսական գիտելիքներ։ Ծիսական գիտելիքներ։ 

Ծիսական գիտելիքներ։ Բ. Շաբաթ Վերափոխումէն ետք (1-8 Սեպտեմբեր 2019)։

Կիրակի 8 Սեպտեմբերը՝ Վերափոխման Գ. Կիրակին, Բարեկենդան է Ս. Խաչի տօնին
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի  1 Սեպտեմբերին` կը սկսինք սովորական կիրակիներու շարքը, այսինքն յարութեան կիրակիները. Սուրբ Աւետարանը մեզ տարաւ Տիբերիատ լճին մէջը, ուր առաքեալներու նաւակը, որուն մէջ Յիսուս եւս տեղ գրաւած էր ու կը քնանար, կատաղի փոթորիկի մը կը բռնուի։ Բնութեան վրայ Քրիստոսի կատարած հրաշքները քիչ են, սակայն երբ գործուին մեծ հիացման կ՛արժանանան. Ուրեմն Յիսուս միայն հիւանդութիւններու բուժիչ յատկութիւններ չունի այլ իսկական կարողութիւններ ունի եւ նոյնիսկ բնութեան տարրերը, հովը, ծովը, ջուրը, հացը իրեն կը հնազանդին. Բնականաբար այս կարողութիւններու տէր անձ մը միայն աստուածային բնութիւն կրնայ ունենալ։

Երկուշաբթի օրը` 2 Սեպտեմբերին,  կը տօնենք մեր ազգի սուրբ թարգմանիչները, Մեսրոպ Վարդապետ, Եղիշէ, Մովսէս Խորենացի, Դաւիթ Անյաղթ, ինչպէս նաեւ Միջին դարու մեր մեծագոյն սուրբերը` Գրիգոր Նարեկացի, Ներսէս Շնորհալի եւ Ներսէս Լամբրոնացի։ Շնորհիւ իրենց` ծաղկեցաւ Հայ լեզուն ու գրականութիւնը, բայց նաեւ զարգացաւ քրիստոնէական հաւատքը Հայ Ազգին մէջ։ Յուլիս ամսոյն մէջ` տօնեցինք նաեւ Թարգմանչաց տօնը, յիշելով սակայն միայն երկու մեր տիտանները, Սահակ եւ Մեսրոպ սուրբերը։

Երեքշաբթի 3 Սեպտեմբերին,   կը տօնենք Ադրիանոս անունով զինուորական վերակացուն, որ քրիստոնեայ դարձած էր ամուսնանալէ ետք Անատոլա անունով քրիստոնեայ կնոջ մը հետ։ Ինք եւս մեծ չարչարանքներ կրելէ ետք` նահատակուեցաւ 310 թուին, Բիւդանիոյ մէջ. Իրմէ ետք իր կինն ալ մարտիրոսացաւ։ Ասոնց հետ կը տօնուին նաեւ Կալինիկոս վկան, Դիոմիդէ բժիշկը, Թէոդորոս Ստրաթէլատը եւ Թիւրսոս վկան։

Հինգշաբթի օր՝  տօնն է  չորս մարգարէներու. Երեմիա, որ կը կոչուի նաեւ ողբի մարգարէն, որով իր գրութիւններուն մէջ կ՛ողբայ Իսրայէլի կորուսած փառքը եւ անոր ժողովուրդին գերի տարուիլը դէպի Բաբելոն։ Եզեկիէլ, որ նշանաւոր է իր յարութեան տեսիլքով ­ միակ մարգարէն է որ կը խօսի յստակօրէն մեռելներու յարութեան մասին։ Եզր, կամ Եզրաս, որ Բաբելոնի գերութենէն վերադարձի եւ տաճարի վերաշինութեան վերահսկող անձն է, Նեհեմիաս քահանայապետին հետ միատեղ։ Ի վերջոյ` Զաքարիա մարգարէն, որ հեզ եւ խոնարհ Մեսիայի պատկերը կը ներկայացնէ։ Նաեւ կը յիշատակուի Ս. Յովհաննէս Կարապետին ու Յովբ արդարին տօնը։

Շաբաթ օրը` կը տօնենք Նիկիոյ Ա. Տիեզերական Սուրբ Ժողովին 318 Հայրապետները։ Այս ժողովը գումարուեցաւ 325 թուին, Կոստանդիանոս Կայսեր հրաւէրով, որ արդէն մէկ տարի առաջ` մկրտուած էր, Սուրբ Երրորդութեան Միութիւնը հաստատելու համար, ընդդէմ Արիոս քահանային, որ կ՛ընդունէր միայն Հայրը որպէս աստուածային բնութեան տէր, իսկ Որդին եւ Հոգին կը համարէր արարածներ։ Այս Սուրբ Ժողովին` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ուղարկած էր իր Որդին, Արիստակէսը, ներկայացնելու համար հայ եկեղեցին։

Կիրակի 8 Սեպտեմբերը՝  Վերափոխման Գ. Կիրակին,  Բարեկենդան է Ս. Խաչի տօնին ու նաեւ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ ծննդեան տօնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/09/2019, 08:38