Արեւելեան ծիսակատարութիւն Արեւելեան ծիսակատարութիւն 

Հռոմի մէջ Եւրոպայի Արեւելեան Եկեղեցիներու կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն հանդիպումը։

«Եւրոպայի Արեւելեան Եկեղեցիներու համամիութենական առաքելութիւնը այսօր»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

12 - 14 սեպտեմբերին, Եւրոպայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու խորհուրդի նախաձեռնութեամբ, Հռոմի Սան Ճոզաֆաթ Ուքրանական Քահանայապետական վարժարանին մէջ, կազմակերպած է Եւրոպայի Արեւելեան Եկեղեցիներու եպիսկոպոսներուն յատկացուած հանդիպում մը, որուն կեդրոնական նիւթն է «Եւրոպայի Արեւելեան Եկեղեցիներու համամիութենական առաքելութիւնը այսօր»։

Ունկնդրէ լուրը

Վերոնշեալ Հաւաքին կը մասնակցին Եւրոպայի մէջ գործող Արեւելեան Եկեղեցիներուն պատկան եպիսկոպոսները։

Հաւաքի բացման նիստին առթիւ՝ 12 սեպտեմբերին,  ելոյթ ունեցան, ի մէջ այլոց,  Ճենովայի Արքեպիսկոպոս եւ  վերոնշեալ եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու խորհուրդի նախագահ՝ Կարդինալ Անճելօ Պանիասքօ, Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովի Կառավարիչ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, Քրիստոնեաներու միութեան խթանման քահանայապետական խորհուրդի նախագահ՝ Կարդինալ Քիւրտ Քոխը ու Վատիկանի Պետական Քարտուղարը՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/09/2019, 10:00