Որոնել

Խաչվերացի Տօնը Խաչվերացի Տօնը 

Խաչվերացի Տօնը

Հայ Եկեղեցին Խաչին նուիրուած չորս տօներ ունի. Խաչվերաց, Գիւտ Ս. Խաչի, Երեւման Ս. Խաչի, Վարագայ Ս. Խաչի.

Խաչը քրիստոնեայ եկեղեցւոյ ամենանուիրական եւ սուրբ նշանն է, գործիքն է փրկագործութեան, որով քրիստոնեայ հաւատացեալը հաղորդութեան մէջ կը մտնէ Խաչով արտայայտուած խորհուրդին եւ Խաչեալ Քրիստոսին հետ: Քրիստոնէական եկեղեցին կը պատուէ խաչը, որովհետեւ իր վրայ թափուած Յիսուս Քրիստոսի սուրբ արիւնով սրբացած խորհուրդ մը ունի իր մէջ, խորհուրդ մը որով հաւատացեալին կեանքը անքակտելիօրէն կը կապուի Խաչեալին՝ մեր փրկչին Յիսուս Քրիստոսին:

Հայ Եկեղեցին Խաչին նուիրուած չորս տօներ ունի:
Ա- Խաչվերաց.
Բ- Գիւտ Ս. Խաչի.
Գ- Երեւման Ս. Խաչի.
Դ- Վարագայ Ս. Խաչի.

Խաչվերացի տօնը՝ Խաչի տօներէն ամենէն հինն ու գլխաւորն է, ուր բոլոր քրիստոնեաները կը տօնեն Սեպտեմբեր 14-ին, իսկ Հայ եկեղեցին անոր մերձաւոր Կիրակին, որովհետեւ տաղաւար հինգ տօներէն մին է, որուն տօնախմբութիւնը եօթը օրերու վրայ տարածուած՝ խաչին ու Խաչեալին փառաբանութիւնն է որ կը յատկանշուի մեծահանդէս թափօրով, խաչին վերացմամբ եւ անդաստանի օրհնութեամբ:

Խաչվերացի թափօր Անդաստանը կը կատարուի Խաչվերացի երեկոյեան ժամերգութենէն առաջ կամ ետք, եկեղեցւոյ կամ բակին մէջ, իսկ յաջորդ օրը Երկուշաբթին՝ օր Մեռելոց է:

Խաչվերացը՝ խաչի տօններէն ամենէն նշանաւոր ու հինն է, որուն պատմական սկզբնաւորութիւնը Երուսաղէմի քրիստոնեայ առաջին համայնքին հետ կը կապուի: Ըստ աւանդութեան Երուսաղէմի առաջին Եպիսկոպոս, եւ Յովհաննէս առաքեալի եղբայրը՝ նախանձայոյզ Յակոբոս Զեբեթեան առաքեալը, հաւատացեալ բազմութեան ներկայութեան Խաչը առաջին անգամ ըլլալով հանդիսաւորապէս բարձրացուցած է եւ անով օրհնած է քրիստոնեայ ժողովուրդը: Այդ առթիւ Յակոբոս առաքեալը՝ «Խաչի քո, Քրիստոս, երկիր պագանեմք» օրհնութիւն ու փառաբանքի աղօթքը արտասանած է:

Խաչվերացի տօնը հայերուս համար ունի թէ կրօնական եւ թէ ազգային կրկնակի իմաստ եւ արժէք:

Ը. դարու առաջին տասնամեակին Պարսից Խոսրով թագաւորը յարձակելով Բիւզանդական կայսրութեան վրայ, պարտութեան կը մատնէ օրուան Հերակլ կայսրը, կը հասնի մինչեւ Պաղեստին, կը գրաւէ Երուսաղէմը ու Քրիստոսի Խաչափայտը 614 թուին:

Հերակլ կայսրը շուտով կը վերակազմէ իր բանակը եւ հսկայ ուժով կը յարձակի Պարսիկներու վրայ: Խոսրով թագաւորը կը պարտուի եւ կը սպանուի: Պարսիկները ստիպուած դաշինք կը կնքեն: Դաշինքին գլխաւոր կէտերէն մէկն էր Խաչափայտին վերադարձը: Բիւզանդական բանակին մաս կը կազմէր նաեւ հայկական գունդ մը, որուն զօրավարն էր Մժէժ Գնունի: 629-թուականին Խաչափայտը ազատագրուած իր վերադարձի ընքացքին դէպի Երուսաղէմ, ժողովրդային շքեղ հադէսներով եւ կայսերական թափօրներով կ՛անցնի նաեւ մեր երկրէն՝ հայաստանէն: Կարնոյ դաշտին հարաւ արեւելեան կողմերը գտնուող լեռներուն մեծ գագաթը մինչեւ այսօր Խաչափայտ կը կոչուի: Այդ լեռան սարահարթին վրայ կը բղխի սառնորակ ջուրով աղփիւր մը, որ միեւնոյն ժամանակ ուխտավայր է:

Ըստ տեղական աւանդութեան Պարսիկները Խաչափայտը յանձնելէ ետք, զղջալով կը յարձակին բիւզանդացիներուն վրայ: Հայերը հոն կը պահեն Խաչափայտը եւ կ՛անցնին հակայարձակումի եւ ետ կը մղեն Պարսիկները: Վերադարձին կը տեսնեն որ Խաչին հանգչեցուցած տեղէն այդ վճիտ ջուրը բղխեր է: Նոյն լեռներուն ստորոտը կար նաեւ խաչկայ վանք մը որ միեւնոյն ժամանակ մեծ ուխտավայր էր, մասնաւորապէս խաչվերացի տօնին:

Քրիստոնեաններուս համար Խաչը մահուան, տառապանքի, նեղութեան, պատիժի գործիք մը ըլլալէ այլեւս դադրած՝ դարձած է սիրոյ, հաւատարմութեան, յաղթութեան, կեանքի եւ փրկագործութեան խորհրդանիշ, մանաւանդ Քրիստոսի մշտական նրերկայութեան երկրի վրայ: Խաչը դարձաւ խորհրդանիշը նոր, աստուածահաճոյ կեանքի, եղաւ փառքն ու պարծանքը քրիստոնեային, անոր համար է որ Պօղոս Առաքեալ գաղատացիներուն գրած իր նամակին մէջ կ՛ըսէ.«գալով ինծի, քա՛ւ լիցի որ մեր տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ: Այդ խաչին միջոցաւ աշխարհը մեռած է այլեւս ինծի համար, ինչպէս ես մեռած եմ աշխարհին համար» (Գաղ. 6-14):

Խաչվերացի տօնին առիթով, եկէք վերանորոգենք մեր մէջ նախնեաց սուրբ հաւատքը : Ու այսօրուան Սուրիոյ պատերազմը ու Սուրիահայութեան վախն ու տառապանգները խաչին ու յարուցեալ Քրիստոսին նուիրելով, բազկատարած աղօթենք կրկնելով Հայ եկեղեցւոյ մաղթանքը. «Պահպանէ մեզ քրիստոս Աստուած մեր, սուրբ եւ պատուական Խաչիդ հովանիին տակ, խաղաղութեան մէջ. Փրկէ՛ տեսանելի եւ անտեսանելի թշնամիէն....ամէն»:

Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան

 Ժողովրդապետ՝ Քեսապի Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2019, 08:17