ՎԱՐԱԳԱՅ ԽԱՉԻ ՏՕՆ ՎԱՐԱԳԱՅ ԽԱՉԻ ՏՕՆ 

ՎԱՐԱԳԱՅ ԽԱՉԻ ՏՕՆ

Վարագայ Ս. խաչի տօնը կը վերագրուի Ս. խաչի երեւման Վարագ լեռներու բարձունքներուն վրայ կառուցուած վանքին մէջ

Ամէն տարի Սուրբ Գէորգին յաջորդող Կիրակին, Հայ Եկեղեցին կը նշէ խաչին նուիրուած Վարագայ Ս. խաչի տօնը:

         Ծիսական տարուոյն մէջ Հայ Եկեղեցին ունի Քրիստոսի սուրբ խաչին նուիրուած չորս տօներ. Սուրբ Խաչի Երեւման տօնը կամ Երեւումն Սուրբ Խաչի, Սուրբ Խաչի Վերացման տօնը կամ Խաչվերացը, Վարագայ Սուրբ Խաչը եւ Խաչի Գիւտի տօնը կամ Գիւտ Խաչի: Բացի Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնէն, որ զուտ հայկական ծագում ունի, Սուրբ Խաչին նուիրուած միւս երեք տօները կը նշէն նաեւ քրիստոնէական միւս եկեղեցիները:

          Վարագայ Ս. խաչի տօնը, զոր այսօր կը յիշատակենք,  կը վերագրուի Ս. խաչի երեւման Վարագ լեռներու բարձունքներուն վրայ կառուցուած վանքին մէջ: Աւանդութիւնը կ’ըսէ, որ հայոց Տրդատի օրով Հռիփսիմէ կոյսը փախուստ տալով հռոմէական բանակէն կու գայ եւ վարագ վանքը կ’ապաստանի եւ այդ տեղ կը պահէ  իր վիզի խաչը:

         Շուրջ 653 թուականին, երկու ճգնաւորներ, Հովել եւ Թոդիկ, աղօթքի պահուն տեսիլք մը կ'ունենան. հրաշալի լուսաւորութիւն մը  կը տեսնեն Վարագայ լերան գագաթին: Եւ իսկոյն կը փութան դէպի այդ լոյսը, վանքին եկեղեցին կը մտնեն  եւ կը տեսնեն խաչը սեղանին վրայ հանգչած:

         Հրաշալի լուսաւորութիւնը կը տեւէ 12  օրեր: Հեռաւոր շրջաններէն հաւատացեալներ կու գան Ս. Խաչի մասունքը տեսնելու: Այս առիթով Ներսէս Շինող կաթողիկոսը խաչին տեսիլքովն հիացած կը յօրինէ «Նշանաւ ամենայաղթ խաչիւդ քո Քրիսոտս» գեղեցիկ շարականը , ինչպէս նաեւ կը թելադրէ մէկ շաբթուայ պահեցողութիւն:

         1857ին Խրիմեան հայրիկ վարագավանքի վանահայր կը նշանակուի, եւ վանքին մէջ կը բանայ դպրոց, ձեռագրատուն, տպարան, եւ վանքը կը դարձնէ մշակութային կեդրոն:  1915-էն ի վեր վանքը լքուած է եւ ներկայիս աւերակ վիճակի մէջ կը գտնուի: Այսօր ո՛չ Վարագայ վանքը գոյութիւն ունի, ո՛չ ալ դպրոցը: Այդ բոլորն յիշատակն է որ կ’ապրինք: կը յիշատակենք խաչի խորհուրդը: Խաչը որ չարչարանքի եւ արհամարհանքի մահապատիժի գործիք էր, Քրիստոսի մահով եւ եւ իր արեան հեղումով խաչին վրայ, խաչը դարձաւ «միջոց փրկութեան», եւ «զէն յաղթութեան»:

         Խաչը Քրիստոսով դարձաւ անսպառ սիրոյ արտայայտութիւն: Սէրը միայն վերացական զգացում չէ, այն նաեւ կեանք է ու գործ: Քրիստոս յանձն առաւ խաչի ճանապարհը՝ առաջնորդելու մեզ «խաւարէն դէպի լոյս», «մահուընէ դէպի կեանք»: Խաչը քրիստոնեաներուս համար դարձաւ «երկինքն ու երկիրը իրար կապող կամուրջ »:

         Այս է խաչին խորհրդանիշը, խաչը քրիստոնէութեան համար գերագոյն նշանն է: Մեզ զանազանողը ուրիշ կրօնքներէն: զայն կը կրենք մեր կուրծքերուն վրայ, մեր տուներուն եւ եկեղեցիներուն մէջ, մեր ինքնաշարժներուն եւ դպրոցներուն մէջ : Խաչը զարդ մը չէ, որ երբ ուզենք կրնանք վերցնել,  կամ դնել. ան միշտ պէտք է մեր սրտերուն մէջ կրենք: Սրտին մէջ կրել կը նշանակէ խոնարհ ըլլալ , ներողամիտ ըլլալ , զոհուող ըլլալ եւ սիրող ըլլալ: 

         Պօղոս Առաքեալ կը զգուշացնէ այսօրուան Քրիստոնեան՝ ըսելով թէ ամբարտաւանութիւնն ու ինքնագովութիւնը վտանգաւոր են մարդուն համար, եւ թէ այդ զոյգ հիւանդութիւնները տեղ չունին Աստուծոյ արքայութեան մէջ։ Քրիստոնեան կրնայ ու պէտք է պարծենայ միա՛յն Քրիստոսով՝ որ եկած է փրկելու եւ կեանք տալու բովանդակ մարդկութեան։

         Մենք մեզ յանձնենք Տիրոջ կենսապարգեւ խաչին պահպանութեան, որպէսզի մեզի հեռու պահէ սատանայական փորձութիւններէն ու չարի որոգայթներէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/09/2019, 08:26