Հայկական Քարիթասը Հայկական Քարիթասը 

Իտալացի Կաթողիկէ լրագրողներու խումբ մը այցելեց Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ կառոյցներ։

«Դուք չէք կրնար երեւակայել ինչ մեծ բարիք կ՛ընէ Իտալիան մեզի։ Այդ գումարները ձեզի համար մի գուցէ թիւեր ըլլան։ Մեզի համար կեանք են»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կաթողիկէ շաբաթաթերթերու իտալական դաշնութեան լրագրողներու պատուիրակութիւն մը 18 սեպտեմբերին մեկնեցաւ Հայաստան ուր այցելութիւն տուաւ Հայաստանի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ու անոր մատակարարած մի քանի կառոյցներուն, որոնց շարքին Արտաշատի մէջ տարեցներու յատկացուած տնային ծառայութեան ծրագիրը ու մանուկներու եւ ընտանիքներու խնամատարութեան յատկացուած «Փոքրիկ Իշխան» կեդրոնը։ Անոնք ապա այցելեցին Գիւմրիի Հայկական Քարիթասի կեդրոնը ու փոխադրուելով Աշոցք  այցելեցին՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետէն Հայաստանի նուէր՝ «Ռետեմթորէս Մաթեր» հիւանդանոցը։

Ունկնդրէ լուրը

Վերոնշեալ ճամբորդութեան նպատակն է ծանօթանալ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի  ֆինանսաւորումներով  Հայաստանի մէջ իրագործուած բարեսիրական ծրագիրներուն։

Պատուիրակութեան անդամները հիւրընկալուեցան Հայաստանի, Վրաստանի Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի  Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանի կողմէ, որ անոնց ընկերացաւ իրենց շրջապտոյտի ընթացքին, պատուիրակութեան անդամներուն միջոցաւ իր խորին  շնորհակալութիւնները յայտնելով Իտալական եկեղեցւոյ ու համայն իտալացի ժողովուրդին։

«Դուք չէք կրնար երեւակայել ինչ մեծ բարիք կ՛ընէ Իտալիան մեզի։ Այդ գումարները յոյս ու կեանք կու տան անոնց որոնք կարիքի մէջ են։ Ձեզի համար մի գուցէ թիւեր ըլլան անոնք։ Մեզի համար կեանք են» ըսած է Առաջնորդ Սրբազանը։

Յայտնենք թէ Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի Հայաստանի եւ աշխարհի այլ վայրերու բարեսիրական գործունէութիւններու տրամադրած գումարներու եկամուտը կու գայ  իտալացիներուն տարեկան հարկերէն եկեղեցւոյ յատկացուցած «8 առ հազար»էն։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/09/2019, 08:57