Աշխարհը վերագտնենք որպէս «Հասարակաց Տուն». Կրօնական Ղեկավարներու կոչը Մատրիտէն։

«Համագործակցութիւնն ու երկխօսութիւնը պատասխանն է բոլոր այն մեծ հարցերուն որ կարելի չէ միայնակ դիմագրաւել»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան նախաձեռնութեամբ, 15էն 17 սեպտեմբեր 2019-ին, Մատրիտի մէջ  կազմակերպուած «Խաղաղութիւն առանց սահմանի, կրօններ ու մշակոյթներ երկխօսութեան մէջ» խաղաղութեան նուիրուած տարեկան հաւաքը հասաւ իր աւարտին։

Ունկնդրէ լուրը

Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին  կրօններու, մշակոյթի ու պետական իշխանութիւններու ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ։

17 սեպտեմբերի երեկոյեան տեղի ունեցաւ հաւաքի փակման արարողութիւնը որուն ընթացքին ընթերցուեցաւ «խաղաղութեան կոչը» ու յայտարարուեցաւ թէ յառաջիկայ տարուայ հաւաքը պիտի հիւրընկալուի Հռոմի մէջ։

Փակման արարողութիւնը կայացաւ Մատրիտի «Ալմուտենա» հրապարակին վրայ, որտեղէն  բարձրացաւ կրօններու աղաղակը, որոնք ձայն տուին անոնց որոնց «արժանապատուութիւնը արհամարհուած է»։

Փակման արարողութիւնը առիթ հանդիսացաւ անգամ մը եւս աջակցութիւն արտայայտելու  «տկարներուն» ու անոնց որոնք թիրախ են բռնութիւններուն, իրենց հաւատքի, լեզուի եւ մշակոյթի տարբերութեան պատճառաւ։

Խաղաղութեան Կոչը ստորագրողներու մտահոգութիւնը մղուած էր յատկապէս ապագայի սերունդներուն, որովհետեւ վատնումի մատնուած է «բոլորին համար միակ մոլորակը», որովհետեւ ականատես ենք ուժի եւ ազգայնական հակադրութիւններու պաշտամունքին, որոնք պատմութեան հոլովոյթին մեծ աւերներ գործեցին։ Որովհետեւ ահաբեկութիւնը չի դադրիր հարուածելէ անմեղները եւ որովհետեւ մեծ մտավախութիւն կայ  թէ «Խաղաղութեան երազը տկարացած է»։

«Համագործակցութիւնն ու երկխօսութիւնը այս բոլորին միակ պատասխանն է ու պատասխան բոլոր այն մեծ հարցերուն որ կարելի չէ միայնակ դիմագրաւել» նկատել կու տան կրօնական ղեկավարները, ոչ ըսելով որեւէ կրօնական ծայրայեղականութեան, ու հաստատելով որ «Ան որ կը հաւատայ Աստուծոյ , աշխարհը կը նկատէ որպէս հասարակաց տուն, ուր բնակութիւն հաստատած է ժողովուրդներու ընտանիքը»։

Անոնք ապա կոչ ուղղեցին քաղաքականութեան, հարուստներուն ու բարի կամք ունեցող մարդոց «կենսամիջոցներ հայթայթելու՝  միլիոնաւոր մանուկներու մահը  կանխարգիլելու միտումով, ու այլ միլիոնաւոր մանուկներուն երաշխաւորելու դաստիարակութիւն եւ կրթութիւն»։

Ժողովականները հուսկ զօրակցութիւն արտայայտեցին Ամազոնեան Տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդներուն,  որովհետեւ բնապահպանութեան հարցը դարձած է շատերուն  պահանջը» ինչպէս կը յայտնէ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան հիմնադիր՝ Տիար Անտրէա Ռիքքարտի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/09/2019, 09:00