Որոնել

Կարդինալ Պանիասքօ եւ Գերապայծառ Միրեաթեան Կարդինալ Պանիասքօ եւ Գերապայծառ Միրեաթեան 

Ճենովայի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Պանիասքօ այցելեց Հալէպի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարան։

Գերապայծառ Միրիաթեան Կարդինալ Պանիասքոյին յանձնեց խորհրդանշական նուէր մը՝ Եկեղեցւոյ փլատակ առաստաղի փայտերով շինուած խաչելութիւն մը։

Իտալիոյ Ճենովա քաղաքի Արքեպիսկոպոս եւ Եւրոպայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու խորհուրդի նախագահ Կարդինալ Անճելօ Պանիասքօ որ՝ Հալէպի Ֆրանչիսկեան միաբանութեան հրաւէրով կը գտնուի Հալէպ, երեքշաբթի  17 սեպտեմբեր 2019-ին, այցելութիւն տուած է Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարան։

Ունկնդրէ լուրը

Այցելութեան ծիրէն ներս Կարդինալ Պանիասքօ ծանօթացած է Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանի իրականութեան, պատերազմէն ետք այնտեղ կատարուող շինարարական աշխատանքներուն ու առիթ ունեցած է նաեւ այցելելու «Հաւատք» հայ կաթողիկէ դպրոցը, զրուցելով աշակերտութեանց հետ։

Այցելութեան առթիւ Արհ Պետրոս Արքեպիսկոպոս  Միրեաթեան Կարդինալ Պանիասքոյին ներկայացուցած է  հայ կաթողիկէ համայնքի եւ ընդհանրապէս Սուրիահայերու մասին մանրամասն տեղեկութիւններ, պատերազմի օրերուն ապրուած արհաւիրքները,  կորուստներն ու վնասները ինչպէս նաեւ ապագայի հեռանկարով տարուած աշխատանքները։

Գերապայծառ Միրիաթեան ապա այցելութեան որպէս յիշատակ Կարդինալ Պանիասքոյին յանձնեց խորհրդանշական նուէր մը՝  Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ փլատակ առաստաղի փայտերով շինուած խաչելութիւն մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/09/2019, 08:57