Որոնել

Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցի Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցի 

Ապրիլեան պատերազմին զոհուած հերոսներու հարազատները պիտի մկրտուին Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ մէջ

Մկրտութիւնը պիտի կատարուի Արցախի թեմի առաջնորդ, Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի օրհնութեամբ

Խաչվերաց տօնին` Սեպտեմբեր 15-ին, Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Ապրիլեան պատերազմին զոհուած հերոսներու զաւակներու, քոյրերու ու եղբայրներու, հերոսներու անունները կրող հարազատներու մկրտութեան արարողութիւնը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, կնքահայրեր պիտի ըլլան զոհուած հերոսներու մարտական ընկերները, ապրիլեան մարտական գործողութիւններու մասնակցածները:

Մկրտութիւնը պիտի կատարուի Արցախի թեմի առաջնորդ, Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի օրհնութեամբ: Արարողութիւնը կը սկսի ժամը 13:00-ին:

Մկրտութենէն ետք տեղի պիտի ունենայ մատաղի արարողութիւն:

Քաղուած «Եռագոյն»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/09/2019, 09:06