Որոնել

Անթիլիասի Մայրավանք Անթիլիասի Մայրավանք 

Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ներկայացուցիչը

Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ արծարծելու Լիբանանի այժմու կացութիւնը, Միջին Արեւելքի դիմագրաւած մարտահրաւէրները ու շրջանին մէջ քրիստոնէական ներկայութիւնը

Երեքշաբթի, 10 սեպտեմբեր 2019-ին, Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Իան Քուպիչ:

Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ արծարծելու հետեւեալ հարցերը. Լիբանանի այժմու կացութիւն, Միջին Արեւելքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներ, քրիստոնէական ներկայութիւնը շրջանին մէջ, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւն, ՄԱԿ-ի դերը միջազգային գետնի վրայ:

Յիշեալ հարցերուն շուրջ աւելի քան ժամ մը տեսակէտներու փոխանակում տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչին եւ վեհափառ հայրապետին միջեւ: Անոնք կարեւորութեամբ շեշտեցին, որ ներկայ աշխարհը յուզող կարգ մը հարցերու շուրջ կրօնին դերակատարութիւնը կը մնայ միշտ էական:

Ապա, Քուպիչ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի կողմէ նամակ մը յանձնեց վեհափառ հայրապետին, եւ որոշուեցաւ մօտ ապագային երկրորդ հանդիպում մը կայացնել վեհափառ հայրապետին եւ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչին միջեւ` շարունակելու իրենց քննարկումները:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2019, 08:25