Որոնել

Արամ Ա եւ Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Արամ Ա եւ Իգնատիոս Աֆրամ Բ. 

Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Ասորի ուղղափառ պատրիարքը այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին:

Այցելութեան նպատակը ցաւակցութիւն յայտնել էր վեհափառին` անոր մօր մահուան առիթով:

Երեքշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2019-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց ասորի քոյր եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ  Իգնատիոս Աֆրամ Բ. պատրիարքը: Այցելութեան նպատակը ցաւակցութիւն յայտնել էր վեհափառին` անոր մօր մահուան առիթով:

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու հայ եւ ասորի եկեղեցիներու գործակցութեան եւ ընդհանրապէս միջեկեղեցական ու շրջանային հարցերու:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/09/2019, 08:18