Որոնել

Կաթողիկէ պատուիրակութեան այցելութենէն առնուած լուսանկար Կաթողիկէ պատուիրակութեան այցելութենէն առնուած լուսանկար 

Կաթողիկէ պատուիրակութեան մը այցելութիւնը Մոսկուայի պատրիարքութեան բարեսիրական կեդրոններուն:

Պատուիրակութեան մաս կազմած է Քահանայապետական Քրիստոնեաներու միութեան խթանման խորհուրդի, արեւելեան բաժանմունքի պատասխանատու Հայր Հյաչինթ Տէսթիվել:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վերջերս կաթողիկէ պատուիրակութիւն մը Մոսկուայի մէջ այցելած է Մոսկուայի Պատրիարքութեան պատկան դժուարութեան մէջ գտնուող անձերու նուիրուած բարեգործական կարգ մը կեդրոններ:

Ունկնդրէ լուրը

Պատուիրակութեան մաս կազմած է Քահանայապետական Քրիստոնեաներու միութեան խթանման խորհուրդի, արեւելեան բաժանմունքի պատասխանատու Հայր Հյաչինթ Տէսթիվել:

26 օգոստոսին կայացած, Մոսկուայի բարեգործական կեդրոններու այցելութեան ծիրէն ներս Կաթողիկէ պատուիրակութեան ընկերացած է Մոսկուայի Պատրիարքութեան բարեսիրական գործերու սինոդական բաժանմունքի փոխ տնօրէն հայր Ալեքսատնրեր Ալէշին: Ան կաթողիկէ պատուիրակութեան ցուցմունքներ տուած է Պատրիարքութեան բարեսիրական գործերու աշխատաձեւի մասին, յայտնելով թէ Մոսկուայի եկեղեցին յարատեւօրէն դասընթացքներ կը կազմակերպէ եկեղեցական ընկերային ծառայութեան ծիրէն ներս գործող ղեկավարներուն ու պաշտօնեաներուն : 

Հռոմէն ժամանած կաթողիկէ պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ Hangar of Salvation բարեսիրական կեդրոնն ու գաղթավայր մը ուր հիւրընկալուած են վերջերս քաղաքական ապաստանութիւն խնդրող 63 կիներ ու մանուկներ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/08/2019, 13:09