Որոնել

Թեզէյի հաւաքէ մը  առնուած լուսանկար Թեզէյի հաւաքէ մը առնուած լուսանկար 

Թեզէյի միջ կրօնական երիտասարդներուն 3-րդ հաւաքը:

Հաւաքին նիւթն է «մարդկային եղբայրութիւն» փաստաթուղթը:

Վազգէմ Աբարդեան - Վատիկան

22-էն-25 օգոստոս 2019-ին, ֆրանսայի  մէջ  տեղի կ՝ունենայ ՝ Թեզէյի Քրիստոնեայ եւ մահմետական երիտասարդներուն   միջ կրօնական  3-րդ հաւաքը:

Ունկնդրէ լուրը

Հաւաքի քննարկումի նիւթ պիտի հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ալ Ազհարի Աւագ իմամ, Ահմատ Ալ Թայէպի կողմէ ստորագրուած , աշխարհի խաղաղութեան եւ խաղաղ համակեցութեան ի սպաս «մարդկային եղբայրութիւն փաստաթուղթը»՝ ստորագրուած Ապու Տապիի մէջ անցեալ 4 փետրուարին:

Հաւաքի ընթացքին, Փարիզի իմամ Մուհամետ Սոյիր Պաժրաֆի եւ Լիոնի թեմի միջ կրօնական երկխօսութեան գրասենեակի պատասխանատու  հայր Քրիսթեան Տելորմը,  պիտի ներկայացնեն «մարդկային եղբայրութիւն» փաստաթուղթը որուն պիտի յաջորդէ զրոյց հանդիպում եւ գաղափարներու փոխանակում:

Թեզէի Քրիստոնեայ եւ մահմետական երիտասարդներուն 3-րդ հաւաքի այլ նիւթ պիտի հանդիսանայ հիւրընկալութեան նիւթը, որուն մասին պիտի զրուցեն Փարիզի արուարձաններուն մէջ գործող Իմամ Մուհամէտ Պաշիր Ուլտ Սաս եւ Հայր Քրիսթոֆ Ռուքու, որ եղած է Ֆրանսայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի ծոցէն ներս գործող միջ կրօնական յարաբերութիւններուն ազգային ծառայութեան գրասենեակի տնօրէնը :

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/08/2019, 11:49