Քաղդէացիներուն պատրիարք կարդինալ Լուիս Ռաֆայել Սաքօ Քաղդէացիներուն պատրիարք կարդինալ Լուիս Ռաֆայել Սաքօ 

Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքոյին նամակը ՝ ֆրանչիսկոս Պապին:

Պատրիարք Սաքօ եպիսկոպոսներու սինոդին սկիզբը ընթերցած է ֆրանչիսկոս Պապին յղած իր նամակը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի, օգոստոս 5-ին, Սուրբ Պատարագի մատուցմամբ, ընթացք առաւ Քաղդէացի եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու սինոդը, նախագահութեամբ Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ Պատրիարքին:
Էրպիլ քաղաքի, Անքավա շրջանին մէջ գտնուող Քաղդէացիներուն պատրիարքարանին մէջ գումարուող սինոդի կարգ մը նիստերուն, առաջին անգամ ըլլալով իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Քաղդէացի եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր թեմէն կարգ մը աշխարականներ:

Ունկնդրէ լուրը

Եպիսկոպոսներու սինոդի աշխատանքներուն բացման առթիւ արտասանած խօսքին Քաղդէացիներուն պատրիարքը ժողովականներուն ընթերցած է ֆրանչիսկոս Պապին յղած նամակը, որուն մէջ Պատրիարքը անդրադարձած է Իրաքի քրիստոնեաներուն մեծ ուրախութեան, ի լուր Ֆրանչիսկոս Պապին 2020 թուականին Իրաք այցելելու փափաքին:

Պատրիարք Սաքօ ֆրանչիսկոս Պապին յղած նամակին մէջ նշած է « նոյնիսկ առաջին դարերէն , Քաղդէացի եկեղեցին եղած է միսիոներական եկեղեցի. հռչակած էաւետարանը՝  հասնելով մինչեւ Չինաստան: Քաղդէացիներուն եկեղեցին իր պատմութեան երկար ուղեւորութեան հոլովոյթին տուած է անթիւ մարտիրոսներ որ կը շարունակէ աճիլ մինչեւ՝ այսօր» :
Ֆրանչիսկոս Պապին յղած նամակին մէջ քաղդէացիներու պատրիարքը նկատել տալով , թէ մահմետական եղբայրները եւս կը տառապին իրենց ամէնօրեայ կեանքին համար, մաղթանք յայտնած է, որ այդ բաժնեկեցուած վիշտերու միջոցաւ կարենայ յոյսի եւ աւելի լաւ ապագային ուղիներ բացուին:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/08/2019, 13:27