Խաչեցեալի  Սրբուհի Թերեզա Պենետեթթա Խաչեցեալի Սրբուհի Թերեզա Պենետեթթա 

Կոյս եւ մարտիրոս, Եւրոպայի պահապան, Խաչեցեալի Սրբուհի Թերեզա Պենետեթթայի տօնը։

Էտիթ Շթայն կանչուած է ներկայացնելու այն սրբութիւնը որ Եւրոպայի համար անցեալի գաղտնիքն է ու անոր ապագայի յոյսը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Միւս օր պիտի տօնախմբենք՝ Կոյս եւ Մարտիրոս, Եւրոպայի պաշտպան սուրբ՝ Էտիթ Շթայն՝ Խաչեցեալի Սրբուհի Թերեզա Պենետեթթայի ծիսական տօնը։ Բոլորդ կը հրաւիրեմ նայելու անոր քաջ ընտրանքներուն, որոնք արտայայտուեցան իսկական դարձով մը դէպի Քրիստոս ինչպէս նաեւ իրեն կեանքի զոհաբերումով ի դէմ ամէն տեսակ անհանդուրժողականութեան ու գաղափարական այլասերումի»։ Ասոնք խօսքերն են զոր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց անցեալ չորեքշաբթի 7 օգոստոս 2019-ին, Պօղոս Զ-ի անուան դահլիճին մէջ գլխաւորած հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, յիշելու համար Սրբուհի Էտիթ Շթայնը՝ Խաչեցեալի՝  Սրբուհի  Թերեզա  Պենետեթթան, որուն ծիսական տօնը կը յիշատակուի  այսօր՝ 9  օգոստոսին։

Ունկնդրէ լուրը

Խաչեցեալի՝  Սրբուհի Թերեզա Պենետեթթա, աւազանի անունով ''Edith Stein'', ծնած էր Պրէսլավիայի մէջ՝ 12 Հոկտեմբեր  1891-ին, հրեայ ընտանիքի մը յարկին տակ։

Քրիստոնէական կրօնքը ընդունելէ ետք կը մտնէ Կարմեղեան միաբանութեան քոյրերու վանքը ու կ՛ընդունի Խաչեցեալի Թերեզա Պենետեթթայի անունը։

Էտիթ Շթայն կրօնաւորուհին նաեւ՝ Փիլիսոփայ մըն էր,  Նացիական տիրապետութեան ընթացքին ձերբակալուեցաւ ու ապրեցաւ երկրորդ աշխարհամարտի տխրահռչակ շրջանը, առանց սակայն կորսնցնելու իր յոյսը ''Կեանքի ու Սիրոյ Աստուծոյ'' վրայ։ Ան նահատակուեցաւ Աուշվիցի համակեդրոնացման ճամբարի մէջ` 9 օգոստոս 1942-ին։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ  քահանայապետը, զինք սուրբ հռչակեց 1998-ի 11 հոկտեմբերին, հուսկ մէկ տարի ետք, 1 հոկտեմբեր 1999-ին Շուետի Սրբուհի Պրիկիթայի եւ Սիենայի Սրբուհի Քաթերինայի հետ միասին  զայն հռչակեց Եւրոպայի Պաշտպան Սուրբ,   հաստատելով թէ ''Այդ հռչակումը կը նշանակէ հին ցամաքամասի հորիզոնին վրայ զետեղել դրօշը` յարգանքի, հանդուրժողականութեան, եւ ընկալումի որ կը հրաւիրէ այր մարդիկն ու կիները իրար հասկնալու եւ զիրար հանդուրժելու, անկախ իրենց ցեղային, մշակութային եւ կրօնական տարբերութիւններէն, կազմելու համար ընկերութիւն մը որ ըլլայ իսկապէս եղբայրական''։

Երջանկայիշատակ Քահանայապետը ապա աւելցուցած էր թէ Էտիթ Շթայն կանչուած է ներկայացնելու այն սրբութիւնը որ Եւրոպայի համար անցեալի գաղտնիքն է ու անոր ապագայի յոյսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/08/2019, 08:09