Յիսուսի սրբապատկեր Յիսուսի սրբապատկեր 

Յիսուս կը փրկէ նաեւ հեթանոսները

Տէ՛ր, աչքերս դէպի քու սիրոյդ բաց:

«Անկէ ելլելով, Յիսուս քաշուեցաւ Տիւրոսի եւ Սիդոնի կողմերը։ Քանանացի կին մը, այն կողմէն գալով սկսաւ պոռալ․ «Գթա՛ ինծի, Տէ՛ր, Որդի Դաւթի, աղջիկս չարաչար կը տանջուի սատանայէն։» Յիսուս չպատասխանեց անոր։ Աշակերտները մօտեցան եւ ըսին․ «Ճամբէ՛ զինք, որովհետեւ պոռալով մեր ետեւէն կուգայ։» Յիսուս պատասխանեց․ «Միայն Իսրայէլի տան կորսուած ոչխարներուն համար եկած եմ։» Կինը եկաւ եւ առջեւը խոնարհելով՝ ըսաւ․ «Տէ՛ր, օգնէ ինծի։» Յիսուս պատասխանեց․ «Յարմար չէ մանուկներու հացը առնել եւ շուներու տալ։» «Ճիշդ է, պատասխանեց կինը, բայց շուներն ալ կը կերակրուին իրենց տիրոջ սեղանէն ինկած փշրունքներով։» Այն ատեն Յիսուս պատասխանեց․ «Ո՛վ կին, մեծ է քու հաւատքդ․ փափաքիդ համաձայն թող ըլլայ քեզի։» Նոյն ժամուն աղջիկը բժշկուեցաւ։(Մատթէոս 15։ 21-28)

Եթէ տեղը ձեզի թոյլ կու տայ, Յիսուսին երկրպագեցէք, առաջին գործը խորհրդածութեան, խաչի նշան մը, ծնրադրութիւն մը, խոնարհում մը․․․ Որպէսզի Քրիստոսին ներկայութիւնն զգաք, հաւատքի ներգործութիւն մը կատարեցէք՝ յոյսի եւ սիրոյ։

Տէ՛ր, աչքերս դէպի քու սիրոյդ բաց։ Որպէսզի չունենամ սովորութիւնն ըլլալ Քեզմէ սիրուած ու Քեզմէ պաշտպանուած։ Վերանորոգէ ուրեմն իմ գիտակցութիւնը  Քու սիրոյդ ներկայութեանդ, զորս ինձ ամէն րոպէ կեանք կու տայ։

Աստուած իմ, ես Քեզ կը սիրեմ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ան քեզի սիրեց եւ դուն ստեղծուեցար։ Ան քեզի կը սիրէ եւ դուն այսօր կ՛ապրիս։ Ան երբեք իր ոտնահետքերով չի վերադառնար, այլ՝ իր սէրը յաւիտենական է եւ Ան մեզի յաւիտեան պիտի սիրէ, կարեւոր չէ, թէ ի՛նչ կ՛ընենք կամ՝ ինչ որ թոյլ կու տանք ընելու։ Իր սէրը, մեզի կը բարձրացնէ, մեզի գէշ բաներէ կը պահէ, ո՛չ թէ որ մեր կեանքը մտահգութիւններ չունի, այլ՝ որովհետեւ ան ողողուած է եւ ուղղեկցուած է իր սիրոյ ներկայութեամբ։

Մեր սրտերուն մէջ կրկնենք Երեմիա մարգարէին նախադասութիւնը կամ խօսքը, խնդրելով այսօր հասկնալու շնորհքը աւելին՝ ինչ որ կ՛ուզէ ըսել։

Տէ՛ր, «ողորմեա՛ ինձ», քու ծառային շարունակէ նայիլ, զինք պահելով, պաշտպանելով իրեն՝ քեզ վիրաւորելէ, քու դեմ մեղանչելէ։ Ատեններ, դժուար է այդ Քանանացիին աղօթքն ընել․ «Տէ՛ր, ողորմեա՛ ինձ»։  Արդեօ՞ք այսօր ես կարողութիւնն ունիմ սոյն աղօթքը իմ սրտիս խորերէն արտասանել։ Եթէ ասիկա ինծի դժուար է, ապա ինչո՞ւ չեմ կրնար։ Չեմ կարծեր, որ ես պէտքն ունի՞մ ուրիշին ազնիւ, բարեսէր տեսքը։ Կամ զայն կը դրժեմ գիտնալով իմ տկարութիւնս, ուրիշինը պէտքն ունենալով․․․ Բայց որեւէ ուրիշի հետ կապ չունի, այլ՝ Տիրոջ՝ որ ինձ անգամ մը եւս իր սիրով կը նայի։ Սիրով՝ աւելի քնքուշ լինելով, զորս ես գիտակցեցայ Անոր կարիքը, պէտքը։ Ծնողները, մեծահաս մարդիկ, արդեօ՞ք չեն յուզուիր երբ փոքրիկ մը օգնութիւն կը հայցէ քալելու ատեն կամ իր կօշիկին կապերը կապելու համար։ Արդեօք կը թողո՞ւ որ գետին իյնայ եւ քաշկռտուի անհոգութեան պատճառով։ Սակայն ազնիւ, բարեգութ, բարեսէր հայր մը, ուշադիր հայր մը այսպիսի բան չ՛ըներ։

Տէ՜ր, իմզինքս կ՛ուզեմ Քու առաջ խոնարհեցնել, օգնութիւնդ հայցելով, Քու բարեգթութիւնդ խնդրելով։ Այսօր, ես քիչ մ՛աւելի գիտակից եմ Քու անթէական սիրովդ իմ հանդէպ։ Կ՛ուզեմ նորէն վերանորոգել իմ հաւատքս, Քեզի ըսելու համար Քանանացիին հետ․ «Տէ՜ր, Որդի՛ Դաւթի, ողորմեա՛ ինձ»։

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/08/2019, 08:59