Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարք Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարք 

Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքի գահակալութեան չորրորդ տարեդարձը։

Ըստ հայ կաթողիկէ ծիսական օրացոյցին բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ կաթողիկոս- պատրիարքին նուիրուած «Մաղթանքի կարգը»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք՝ երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարքի մահէն մէկ ամիս անց, 2015-ի Յուլիս ամսուայ 24-ին, Զմմառու պատրիարքական աթոռանիստ մայրավանքին մէջ համախմբուած Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերը, անոր յաջորդ ընտրեցին  Փարիզի հայ կաթողիկէներու վաստակաւոր առաջնորդ` Արհիապատիւ Տէր Գրիգոր Եպիսկոպոս Կապրոյեանը, որ այդ ընտրութեամբ դարձաւ Հայ Կաթողիկէ  Ի կաթողիկոս Պատրիարք ստանալով Գրիգոր Պետրոս Ի անունը, որուն  գահակալութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ նոյն տարուայ  Օգոստոս 9-ին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատրիարքական աթոռ` Զմմառու դարաւոր մայրավանքին մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

2019-ի օգոստոսի 9-ին կը նշուի այդ գահակալութեան չորրորդ տարեդարձը եւ ըստ հայ կաթողիկէ ծիսական օրացոյցին բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ կաթողիկոս- պատրիարքին նուիրուած «Մաղթանքի կարգը»։

Կարգը կը սկսի Հրաշափառով, որուն կը յաջորդէ Պօղոս առաքեալի Եբրայեցիներու ուղղած նամակէն ընթերցուածը, ուր առաքեալը կը հրաւիրէ մտիկ ընել առաջնորդներուն, հնազանդիլ անոնց ապա աղօթել անոնց համար, որպէսզի Տէրը անոնց մէջ իրականացնէ այն ինչ որ իրեն հաճելի է։ Ընթրեցուածին կը յաջորդէ Յովհաննէս առաքեալի աւետարանէն քաղուած Բարի Հովիւի մասին աւետարանական հատուածը հուսկ սաղմոսը ապա «Վասն Կաթողիկոսին» աղօթքը։ Կարգը վերջ կը գտնէ տէրունալան աղօթքով եւ օրհնութեամբ։

Գրիգոր Պետրոս Ի  ծնած է Հալէպ` 14 նոյեմբեր 1934-ին։ Մտած է Զմմառու կղերանոցը, ուստի մեկնած է Հռոմի Լեւոնեան Վարժարան։ Իմաստասիրական եւ Աստուածաբանական եկեղեցական ուսմանց աւարտին` Քահանայ ձեռնադրուած է  Պէյրութի մէջ` 28 մարտ 1959-ին։ Պաշտօնավարած է Զմմառու կղերանոցին մէջ 1960-ին, ապա 1962էն -1969 եղած է տեսուչ Մեսրոպեան Վարժարանին, իսկ 1969էն - 1975` տեսուչ Զմմառի դպրեվանքին եւ քարտուղար համանուն վանքին գործադիր խորհուրդին։ 1976-ին Սուրբ Աթոռի կողմէ կը նշանակուի Ֆրանսայի Հայ Կաթողիկէներու Առաջնորդ ուր կը մնայ մինչեւ իր հրաժարականը։

9 օգոստոս 2015-ին տեղի ունեցած Գահակալութեան արարողութեան ընթացքին հայերէն լեզուով արտասանած իր անդրանիկ ճառին մէջ գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի կաթողիկոս պատրիարքը ըսած էր «Ո՛չ իմ անձնական ձիրքերուս ո՛չ գիտութեանս ո՛չ ալ երկարամեայ հովուական փորձառութեանս վստահելով է որ ընդունեցայ այս ծանր բեռը այլ մտաբերելով այն աւետարանական ճշմարտութիւնը՝ թէ Աստուած յաճախ տկարներն ու տգէտները կ՛ընտրէ իր ծրագիրները իրագործելու համար ինչպէս կը քարոզէ Պօղոս առաքեալը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/08/2019, 08:15