Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի գլխատման տօնը Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի գլխատման տօնը 

Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի գլխատման տօնը։

Յովհաննէս միշտ կը պախարակէր թագաւորը իր կինը արձակած ըլլալուն եւ իր եղբօր` Փիլիպպոսի կինը առած ըլլալուն համար

Այսօր Լատին  Եկեղեցին կը յիշատակէ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի  նահատակութեան տօնը։

Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի գլխատման դէպքը պատմուած է  Սուրբ Գրքի մէջ։ Հերովդէս թագաւոր, իր երկրորդ կնոջ` Հերովդիայի խնդրանքին վրայ, տրուած ըլլալով որ Յովհաննէս միշտ կը պախարակէր թագաւորը իր կինը արձակած ըլլալուն եւ իր եղբօր` Փիլիպպոսի կինը առած ըլլալուն համար, բռնել տուած էր Յովհաննէսը եւ զայն բանտարկած էր։ Թագաւորի տարեդարձին առթիւ, Հերովդիայի աղջիկը` Սալոմէ, սքանչելի պար մը կը կատարէ անոր առջեւ. Երբ թագաւորը, հիացած` կը խոստանայ տալ իրեն այն ինչ որ խնդրէ, մօր թելադրանքով` Սալոմէ կը խնդրէ որ տեղն ի տեղը, ափսէի մը վրայ բերուի իր առջեւ Յովհաննէս Մկրտիչի գլուխը։ Հերովդէս կը տխրի, որովհետեւ Յովհաննէս նկատուած էր մարգարէ մը ժողովուրդին կողմէ, բայց իր խոստումը յարգելու համար, կը կատարէ Սալոմէի խնդրանքը։ Ահա այս դէպքն է որ կը յիշատակուի այսօր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/08/2019, 08:38