Որոնել

Սուրբ Կոյս Մարիամ Սուրբ Կոյս Մարիամ 

Ս․ Կոյս Մարիամ Օգնական Քրիստոնէից

Աշխարհի բոլոր դժուար, մութ, խաւար, անելի վիճակին մէջ, ահա անգամ մը եւս կը յայտնուի մեզ բոլորիս առջեւ Ս․ Կոյսին պատկերը:

Այս օրերուս, աշխարհը կը գտնուի մեծ դժուարութիւններու առջեւ։ Դժուարութիւններ՝ որոնք մեր երեսին զարնուելով, կը փորձեն մեզ յուսահատութեան անդունդը տանիլ։ Անդունդ մը՝ ուր մարդ արարածը մեղքի թանձրութեան մէջ իյնալով, կորուստի ենթակայ կը դառնայ։ Եւ այսօր մենք ամէն տեղ կը լսենք ահաբեկչութեան լուրեր, պատերազմի լուրեր, որոնց ընթացքին անխնայ կերպով անմեղ մարդիկ կը մեռնին։ Այս բոլորը մեզ կը փորձեն մեր աստուածային աղով համեմուած կեանքը խանգարել, մեր խաղաղ կեանքը ալեկոծել։

Դժբախտաբար, ներկայիս մարդիկ կան, որոնք ատելութեամբ լեցուած, խաղաղ, աստուածավախ մարդուն կեանքը կ՛ալեկոծեն։ Արդար մարդուն իրաւունքն ու անոր արդար դատը պաշտպանելու փոխարէն, ցաւօք սրտի, գետին կը զարնեն եւ անոր արդար, աստուածավախ կեանքը պղտորելով, անոր ձեռքէն նոյնիսկ կը յափշտակեն իր իսկ ճակտի քրտինքով շահած կտոր մը հացը։

Սակայն, այս բոլոր դժուար, մութ, խաւար, անելի վիճակին մէջ, ահա անգամ մը եւս կը յայտնուի մեզ բոլորիս առջեւ Ս․ Կոյսին պատկերն ու անոր գեղեցիկ կերպարը լուսաւոր փարոսի մը նման, զորս մեզ բոլորիս յոյս կը ներշնչէ եւ մենք որպէս մկրտուած քրիստոնեաներ, կանչուած ենք իր գեղեցիկ եւ օրինակելի կեանքով ապրելու, իրմէ ներշնչուելով՝ ընդունիլ Աստուծոյ կամքը եւ Անոր հետ իրեն նման ազատութեամբ, քաղցրութեամբ՝ Տիրոջ հետ խօսիլ։ Եւ ասոր կենդանի օրինակը կրնանք տեսնել Կափառնաումի հարսնիքին՝ որուն ընթացքին գինին վերջանալով, Ս․ Կոյսը իր Որդիին կը դառնայ առանց վարանումի կ՛ըսէ․ «Գինի չմնաց այլեւս»։

Սուրբ Գիրքը մեզի կը սորվեցնէ, որ ինչ որ Աստուած շինեց, ստեղծեց լաւն են (Ծնդ․ 1), երբ աստուածային ստեղծագործութեան մէջ Ս․ Կոյսին ծննդաբերութիւնն է քարայրին մէջ եւ այն ատեն, սկզբնական մեղքէն ետքը մարդկութեան Աստուծոյ ողորմութիւնը հասաւ։ Որուն մէջ, նոր ընտանիքին նորոգումը տուաւ եւ այդ ատելութիւնը հանեց, որ կը գտնուէր կնոջ եւ օձին միջեւ, քանի որ նոր Եւան, այսինքն Մարիամը, հասաւ ոտնակոխելու օձին գլուխը։

Այս է պատկերը Աստուծոյ, որ դրաւ Ս․ Կոյս Մարիամին սրտին մէջ եւ իր կեանքին մէջ, եւ որուն միջոցաւ Աստուած ուղղեց իր ողորմութիւնն ու սէրը Նոր Կտակարանի բոլոր մարդոց։

Ս․ Կոյսը ապրեցաւ մարդկային եւ աստուածային օրերը։ Ինքը, որպէս մարդ       ՝ Եղիսաբէթին այցելեց, յղի դարձաւ եւ Կանայի հարսանիքին հրաման կու տայ իր որդիին աստուածային շնորհքը  տալու նոր հարսին ու փեսային։

Ս․ Կոյսը մեզի կը սորվեցնէ ինչպէ՛ս եւ ե՛րբ պէտք է Աստուծոյ մտիկ ընել։ Որովհետեւ՝ ինք եղաւ այն լոյսը, որ մեր սրտերուն մէջ կանգուն եւ անմառ կերպով, նման փարոսի՝ կը ճառագայթէ եւ պիտի ջերմացնէ մեր հոգիները։

Հաւատքի յարաբերութիւնն է իր եւ Յիսուսին միջեւ, որուն մէջ կը գտնենք աւետումը, հնազանդութիւնն Աստուծոյ կամքին, եւ այդպիսով մենք կը դառնանք աստուածային ընտանիքին մէկ անդամ մը։

Ս․ Կոյսը եղաւ կամ դարձաւ այն լոյսը, որ կը լուսաւորէ ժողովուրդին՝ նոր ընտանիք մը հիմնելու այս աշխարհի վրայ, զորս կը կոչուի Աստուծոյ Հօր տունը, որ եւ Աստուած եկաւ ինքզինք միացնելու նոր հաւատացեալներուն հետ։

Այսօր, Մարիամ իսկական ծառան է աւետումի առաքելութեան, Փրկագործութեան, Խաղաղութեան եւ իր սրտին մէջ, պէտք է որ գտնենք իսկական յարգանքն ու հաւատքը առաքելութեան։

Ս․ Կոյսին ձայնը, որ կ՛ըսէր «Ես աղախինն եմ Աստուծոյ», մեր մէջ թող տրոփէ նոյն իր այդ հոգին զորս ինք Ս․ Կոյսն ունէր, որովհետեւ այսօր մենք ալ կոչուած ենք նմանելու իրեն եւ ապրելու իր գեղեցիկ օրինակը․Ամէն։

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/08/2019, 07:41