2018.10.09 Sig. Safa AL ABBIA, Membro della Chiesa Caldea (Iraq), uditore al sinodo dei giovani salutando il Papa 2018.10.09 Sig. Safa AL ABBIA, Membro della Chiesa Caldea (Iraq), uditore al sinodo dei giovani salutando il Papa 

Հարիւրաւոր երիտասարդներ իրենց մասնակցութիւնը բերին Քաղդէացի եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուած երիտասարդներուն հաւաքին:

Յիսուսեան միաբանութեան հայերը իրենց հոգւոր մտածակններու ներկայացումով խանդավառեցին Երիտասարդներու հաւաքը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 24 օգոստոսին, Հանդիսաւոր սուրբ Պատարագի մատուցմամբ,  վերջ գտաւ Իրաքի էրպիլ քաղաքի մէջ գումարուած Քաղդէացիներուն եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ, երիտասարդներուն 2019 թուականի հաւաքը,  որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին իրաքի տարբեր վայրերէն ժամանած բազմաթիւ երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ, ընկերակցութեամբ  անոնց հոգեւոր առաջնորդներուն՝ քահանաներուն, կրօնաւորներուն եւ կրօնաւորուհիներուն:

Ունկնդրէ լուրը

Իրաքի Երիտասարդներուն 2019 հաւաքի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ աղօթքի պահեր, Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունք, խոստովանանքի խորհուրդի մատակարարում, ինչպէս նաեւ Յիսուսեան միաբանութեան անդամ հայրերու կողմէ ներկայացուած շարք մը մտածականներ որոնց կեդրոնական նիւթ հանդիսացաւ Ֆրանչիսկոս Պապին  երիտասարդներուն նուիրուած յետ եպիսկոպոսներու սինոդի,  «Քրիստոս Կ՝ապրի» շրջաբերականը:

Յայտնենք, թէ ուրբաթ, օգոստոս 23-ին,  հաւաք հանդիպումի ծիրէն ներս Գերապայծառ Պաշար արքեպիսկոպոս Վարտա զրուցեց «Եկեղեցին կրնայ վստահիլ երիտասարդներուն» նիւթին մասին: 

Յիշենք նաեւ, որ 13 հոկտեմբեր 2018-ին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա Տան մէջ ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ, երիտասարդներուն նուիրուած եպիսկոպոսներուն սինոդի որպէս ունկնդիր իր մասնակցութիւնը բերած Իրաքցի երիտասարդ Սաֆա Աք Ապպիան: Այս առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապ, իրաքցի երիտասարդէն խնդրեց, որ Իր քաջալերանքի պատգամը փոխանցէ Իրաքի երիտասարդներուն, յանձնարարելով անոնց՝ առանց վախի յառաջ ընթանալու՝ վստահելով միշտ Աստուծոյ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/08/2019, 13:23