Յիսուսի կերպարանափում Յիսուսի կերպարանափում 

Ծիսական գիտելիքներ։ Ա. Շաբաթ Վարդավառէն ետք (4-11 Օգոստոս 2019)։

Հայ եկեղեցին կը տօնէ սուրբ նախահայրերը, ասիկա բացառիկ տօն մըն է որովհետեւ Սուրբերու կարգին կը դասէ նաեւ Ադամ, առաջին մարդը, ինչպէս նաեւ իր երրորդ որդին Սեթը։ Անշուշտ նաեւ սուրբերու մէջ կը դասուի առաջին անմեղը` Աբէլ, որ սպաննուեցաւ իր եղբօր` Կայէնի կողմէ։

Այս շաբթուայ ընթացքին` մեր եկեղեցին ունի շարք մը տօնակատարութիւններ սուրբերու, հայ թէ օտար. Կու տանք այստեղ անոնց մանրամասն յիշատակութիւնը։

Երկուշաբթի 5   Օգոստոսին` տօնն է Կիպրիանոսի, Ափրիկէի Կարքեդոն քաղաքի եպիսկոպոսին, որ նահատակուեցաւ Վաղերիանոս կայսեր օրով, 255 թուին։ Ան նախապէս եղած էր կախարդ եւ մոգպետ. Փորձեց կախարդել Յուստիանէ անունով քրիստոնեայ կոյս մը, սակայն չյաջողեցաւ եւ , պարտուելով իրմէ, ինք եւս քրիստոնեայ դարձաւ։

Կիպրիանոս նշանաւոր եղած է որպէս քաջ եւ իմաստուն հովիւ իր հօտին. Մինչեւ այսօր տակաւին հայ եկեղեցւոյ մէջ կը կարդացուի իր զօրաւոր աղօթքը չարին դէմ, զանազան փորձանքներու եւ փորձութիւններու ժամանակ։

կը տօնենք երկու սուրբ իշխաններ, Սահակ եւ Յովսէփ, Կարին քաղաքէն։ Իրենց հայրը արաբ եւ մահմետական իշխանազուն մըն էր, որ ամուսնացած էր հայ քրիստոնեայ կնոջ մը հետ. Իրենց բուն անուններն էին Իսհաք եւ Եուսուֆ, սակայն իրենց հայրը ազատամիտ էր եւ թոյլ տուաւ որ մայրերնին զիրենք մկրտել տայ եւ մեծցնէ որպէս քրիստոնեայ։ Հետագային սակայն երբ երիտասարդ եղան եւ գիտցուեցաւ իրենց հօր պարագան, կանչուեցան իսլամական դատարան եւ պարտադրուեցաւ իրենց ուրանալ քրիստոնէութիւնը. Անդրդուելի մնացին անոնք եւ ի վերջոյ գլխատուեցան 808 թուականին։

Նաեւ կը տօնենք Հռոմի Եկեղեցիէն` չորս սրբուհիներ, մայր մը եւ իր երեք առջիկները. Մօր անունն է Սօփիա – կամ Սօֆիա – որ կը նշանակէ յունարէն լեզուով` իմաստութիւն, իսկ երեք աղջիկներու անուններն են. Պիսդիս, Էլպիս եւ Ագապի, ինչ որ դարձեալ յունարէն լեզուով կը նշանակէ` հաւատք, յոյս եւ սէր։ Անոնք կ՚ապրէին Հռոմի մօտակայ քաղաքի մը մէջ, Ադրիանոս կայսեր օրով` երկրորդ դարուն սկիզբները։ Անտիոքոս անունով հեթանոս իշխան մը ուզեց ամուսնանալ աղջիկներէն մէկուն հետ. Մայրը մերժեց եւ ի վերջոյ ստիպուեցաւ յայտնել ընտանիքին քրիստոնեայ ըլլալը։ Երեք աղջիկներն ալ ենթարկուեցան սոսկալի տանջանքներու եւ նահատակուեցան մէկը միւսին ետեւէն։ Ի վերջոյ մայրն ալ ցաւէն մեռաւ աղջիկներու գերեզմանին վրայ։

Երեքշաբթի` 6 Օգոստոսին, տօնն է Սեբաստիացի Աթանագինէս եպիսկոպոսին եւ իր 10  աշակերտներուն։

Աթանագինէս  եղբայրն էր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի տիկնոջ` Մարիամի։ Ան կարգուեցաւ Սեբաստիոյ հայրապետին կողմէ` եպիսկոպոս Պիտաքտոնի եւ բազմաթիւ հրաշքներով դարձի բերաւ շատ մը հեթանոսներ. Տակաւին Դիոկղետիանոս կայսր էր Հռոմի եւ հրաման տուաւ սպաննել սուրբը ինչպէս նաեւ իր աշակերտները, որոնք նահատակուեցան Կեսարիոյ մէջ. Հետագային` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ խնդրեց Ղեւոնդիոս Կեսարիոյ Հայրապետէն իր նահատակ աներձագին մարմինը, եւ անոր աճիւնները Հայաստան բերաւ։ Ան կարգուած է պաշտպան սուրբը որսի ու որսորդներուն։ 

Նաեւ՝ կը տօնենք հինգ վկաներ, երկուքը` Աղեքսանդրիոյ եկեղեցիէն, Անտոնինոս եւ Թէոփիլոս սարկաւագ, մարտիրոսացած երրորդ դարուն։ Միւս երկուքը` Նիկոմիդիայէն, Անիքտոս եւ Փոտինոս ազնուական ընտանիքի պատկանող դուքսերը, որոնք երեք տարի շարունակ տառապեցան բանտերու մէջ եւ ի վերջոյ ընդունեցան մարտիրոսի պսակը, Դ. Դարուն սկիզբը, Դիոկղետիանոսի հալածանքներուն ժամանակ։  Ւսկ՝  հինգերորդը՝ Ս. Քրիստափոր վկան, որ այն հսկան է որ կ՚ապրէր Սուրիոյ մէջ եւ պաշտպանն էր արքունիքին։ Երբ տեսաւ թէ իրենց հզօր թագաւորը կը վախնար Սատանայէն, եզրակացուց թէ Սատանան աւելի հզօր է քան թագաւորը եւ որոշեց ծառայել անոր, որով իր փափաքն էր ծառայել աշխարհի հզօրագոյն անձին։ Սակայն տեսաւ թէ սատանան ինքն ալ կը վախնար խաչէն, որոշեց թողուլ զայն եւս եւ ծառայել Քրիստոսի։ Տեսաւ ճգնաւոր մը որ կ՚աղօթէր խաչին առջեւ, անկէ ստացաւ մկրտութիւնը, յետ ուսանելու քրիստոնէական կրօնը։ Ճգնաւորը իրեն պաշտօն տուաւ գետի մէկ ափէն միւսը անցնել ուղեւորները։ Օր մը, մանուկ մը անցուցած ժամանակ` քիչ մնաց որ ընկղմէր. Երբ հասկցաւ որ ան է Քրիստոսը եւ թէ ինք շալկած էր զայն, անունը փոխեց եւ դարձաւ Քրիստափոր, այսինքն Քրիստոսը շալկող։ Ան պաշտպան սուրբն  է բոլոր ճամբորդներուն։ Իր հետ կը տօնուին նաեւ Կալինիկէ եւ Ակիւլինէ անունով երկու կիներ, որոնք ղրկուած էին թագաւորին կողմէ զինք մեղքի մէջ ձգելու համար. Սակայն ինք զիրենք դարձի բերաւ եւ հետագային անոնք նահատակուեցան։

Հինգշաբթի՝ 8 Օգոստոսին, հայ եկեղեցին կը տօնէ սուրբ նախահայրերը, ասիկա բացառիկ տօն մըն է որովհետեւ Սուրբերու կարգին կը դասէ նաեւ Ադամ, առաջին մարդը, ինչպէս նաեւ իր երրորդ որդին Սեթը։ Անշուշտ նաեւ սուրբերու մէջ կը դասուի առաջին անմեղը` Աբէլ, որ սպաննուեցաւ իր եղբօր` Կայէնի կողմէ։ Կը տօնուին նաեւ անոնք որ մտիկ ըրին Աստուծոյ խօսքին. Նոյ նահապետ, Աբրահամ, Մովսէս, Սամուէլ եւ այլն։

Շաբաթ՝ 10  Օգոստոսին, տօնն է Եփեսոսի Տիեզերական սուրբ ժողովին մասնակցող 200 հայրապետներուն, որոնք 431 թուին հաւաքուեցան այդ քաղաքը յայտարարելու համար Մարիամի Աստուածամայր ըլլալը, ընդէմ Նեստորի՝ Կ.Պոլսոյ պատրիարքին, որ մերժելով այդ տիտղոսը տալ Մարիամի, կը զատէր Յիսուսի մէջ Աստուածը` մարդէն, ինչ որ մեծ հերետիկոսութիւն մըն էր նորակազմ Եկեղեցւոյ մէջ։

Կիրակի 11 Օգոստոսը, Բ. Կիրակին զկնի վարդավառի՝ բարեկենդան է Ս. Աստուածածնի Վերափոխման ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/08/2019, 11:48