Որոնել

Սուրբ Կոյս Մարիամի վերափոխումը Սուրբ Կոյս Մարիամի վերափոխումը 

Ծիսական գիտելիքներ։ Ա. Շաբաթ Վերափոխումէն ետք։ (25 Օգոստոս-1 Սեպտեմբեր 2019)։

Վերափոխման տօնին նուիրուած Իննօրեայէն ետք սուրբերու ծիսական տօնակատարութիւնը կը շարունակուի։

Կիրակի 25 Օգոստոսին`տակաւին կը գտնուէինք Աստուածածնայ Իննօրեային մէջ, որովհետեւ, ըստ կարգադրութեան Ներսէս Գ. Շնորհալի Կաթողիկոսին, որ Աստուածամօր հանդէպ իր ունեցած վսեմագոյն ջերմեռանդութիւնը հաղորդեց ժողովուրդին, վերափոխման եռօրեայ տօնակատարութիւնը վերածելով իննօրեայի, այսօր երկուշաբթի 9-րդ օն է  Իննօրեային  եւ ապա ծիսական տարւոյն ընթացքին կատարուելիք սուրբերու տօնակատարութիւնը կը շարունակուի։

Ունկնդրէ լուրը

Առաջին տօնն է Աստուածածնայ ծնողաց տօնը։

Երեքշաբթի 27 Օգոստոսին`.

Ըստ աւանդութեան, Մարիամի հօր անունն էր Յովակիմ եւ մօրը անունը` Աննա. Անշուշտ Սուրբ Աւետարաններուն մէջ չի կայ յիշատակութիւնը անոնց անուան, սակայն, ինչպէս նախապէս տեսանք Մարիամի Վերափոխման մասին, անոնց ինքնութիւնը մեզի հասած է ոչ-կանոնական աւետարաններու ընդմէջէն։ Ընդհանուր առմամբ Եկեղեցին աւելի նախընտրաբար կը յիշա-տակէ Սրբուհի Աննան, Մայրը Մարիամ Աստուածածնի. Անոր ընծայուած սրբավայրերն ու ուխտատեղիները բազմաթիւ են բոլոր աշխարհի մէջ, սակայն ոչ այնքան հայ ժողովուրդի մօտ։

Ամենամեծ սրբավայրերէն կը նկատուի ֆրանսայի Պրըթանյը գաւառին մէջ գտնուող Սրբուհի Աննայի ուխտատեղին, ուր յատուկ կերպով գնաց աղօթելու, մի քանի տարիներ առաջ, Ս. Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Պապը։ Այս սրբավայրը գոյութիւն ունի միջին դարէն ի վեր, երբ Աննա Պրըթանյի իշխանուհին, որ հետագային ֆրանսայի թագուհի պիտի ըլլար, կը հաստատէ անոր ջերմեռանդութիւնը շրջանին մէջ։ Նոյնպէս Սրբուհի Աննայի կարեւորագոյն սրբավայրերէն մին կը սեպուի Գանատայի Քէպէք քաղաքի մօտ կառուցուած հսկայ ուխտատեղին, որու անունով կը կոչուի նոյն գիւղաքաղաքը, Սէնթ Անն տը Պօբրէ։ Ամէն տարի Սրբուհի Աննայի տօնին, որ լատինաց մօտ 26 Յուլիսին կը պատահի, Ամերիկայի ամէն կողմէն հոն կը փութան հաւատացեալները, պատուելու Տիրոջ մեծ մայրը` Սրբուհի Աննան. Նոյն ատեն բնիկ հնդիկներ կը հասնին բազմաթիւ գունագեղ նաւակներով եւ իրենց տարազներով կը ճոխացնեն հանդիսութիւնները Սրբուհիին։

Միշտ` երեքշաբթի 27 Օգոստոսին, Հայ Եկեղեցին կը տօնէ նաեւ Իւղաբեր Կիները. Ըստ Սուրբ Գրքի, ասոնք այն երեք բարեպաշտ կիներն էին որոնք եկած էին, կիրակի օրը, օծելու Յիսուսի մարմինը, որ գերեզմանի մէջ էր, թանկագին իւղերով. Անոնց անուններն էին, ըստ Մարկոսի Աւետարանին. Մարիամ Մագթաղենացի, Մարիամ` Յակոբի մայրը եւ Սողոմէ. Իսկ Ղուկաս` Սողոմէի տեղ` կը յիշէ Յովհաննա անունով կին մը։

Հինգշաբթի 29 Օգոստոսին,  Հայ Եկեղեցին կը յիշատակէ Բաբելաս Անտիոքի սուրբ եպիսկոպոսը, որ արգիլեց Դեկոս կայսրը Եկեղեցի մտնելէ. Այդ պատճառաւ ալ նահատակուեցաւ, ու իրեն հետ` իր երեք աշակերտները, որոնք երեք եղբայրներ էին եւ նահատակուեցան իրենց մօր` Թէոդոլիայի հետ։

Շաբաթ օրը`31 Օգոստոսին, տօնն է Ս. Թովմաս առաքեալին։  Սուրբ Թովմաս առաքեալը  թերահաւատի անուն ստացած է մանաւանդ երբ Քրիստոսի յարութենէն ետք յայտարարած է թէ ինք չի հաւատար ՝՝Յարութեան՝՝ մինչեւ չտեսնէ ու չշօշափէ Յիսուսի վէրքերրը. Ան` առաքեալը եղած է Սուրիոյ, Պարսկաստանի եւ Հնդկաստանի։

Կիրակի 1 Սեպտեմբերը, Փոխման Բ. Կիրակին է։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/08/2019, 10:14