Փորցիունքոլայի սրբավայրը - Ասսիզի Փորցիունքոլայի սրբավայրը - Ասսիզի 

''Ասսիզիի ներումը''` 1216էն սկիզբ առած ու շարունակուող աւանդութիւն։

''Ասսիզիի ներումը''` հաստատուած է 1216-ին Օնորիոս Գ քահանայապետի օրով, Ասսիզացիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի Անոր ներկայացուած խնդրանքին վրայ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

''Ասսիզիի ներումը''` Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ հաստատուած ''Մեղքերու ընդհանրական քաւութիւն է'' զոր հաւատացեալները ամէն տարի կարող են ընդունիլ` Օգոստոս 1-ի յետմիջօրէէն մինչեւ 2 օգոստոսի կէս գիշերը։ Սոյն ''ներումը'' հաստատուած է 1216-ին Օնորիոս Գ քահանայապետի օրով, Ասսիզացիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի Անոր ներկայացուած խնդրանքին վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

Աւանդութեան համաձայն 1216-ի Յուլիս ամսուայ գիշեր մը երբ Ասսիզացի Ֆրանչիկոսը աղօթքի մէջ ամփոփուած էր ''Փորցիունքոլայի'' եկեղեցւոյ մէջ, տեսիլք մը ունեցաւ,ուր Յիսուսն ու Աստուածամայրը շրջապատուած էին հրեշտակներով որոնք` տրուած ըլլալով որ Սուրբ Ֆրանչիսկոսը թախանձագին  աղօթած էր մեղաւորներուն համար,  Անոր առաջարկած էին որեւէ շնորհք մը խնդրել,  եւ Ֆրանչիսկոս կը խնդրէ որ ընդհանրական ներում շնորհուի բոլոր անոնց որոնք կ՛ապաշխարեն ու խոստովանանքի խորհուրդին մօտենալէն ետք կ՛այցելեն Եկեղեցին։

Ֆրանչիսկոսի այս խնդրանքը, Աստուածամօր բարեխօսութեամբ կ՛իրականացուի, պայմանով որ Ան դիմէր Երկրի վրայ Քրիստոսի ներկայացուցիչին։

Յաջորդ օրը Ֆրանչիսկոս իր եղբայրակից Մասսէօ Մարինիանոյի հետ միասին, Փերուճա կը մեկնի հանդիպելու համար նորընտիր Քահանայապետ` Օնորիոս Գ-ին եւ անոր կ՛առաջարկէ ներումի շնորհումը, առանց որ անոր դիմողները մեղքերու հատուցման գումարներ վճարեն ու երկար ուխտագնացութիւններ կատարեն, ինչպէս էր ժամանակուայ սովորութիւնը։

Քահանայապետը կ՛ընդունի առաջարկը ու կը հաստատէ թէ ամէն տարուայ օգոստոս 2-ին նշուի ''Ընդհանրական ներումի'' այդ օրը։

Սկզբնական շրջանին այս մէկը վերապահուած էր միայն ''Փորցուինքոլա'' եկեղեցւոյ ապա յաջորդաբար այդ առանձնաշնորհումը տարուեցաւ նաեւ Ֆրանչիսկեան բոլոր եկեղեցիներուն, հուսկ բոլոր ժողովրդապետութիւններուն։

Փորցիունքուլան այն փոքրիկ մատուռն է որ կը գտնուի Ասսիզիի Հրեշտակներու Սրբուհի Մարիամ Պազիլիքայի ներքոյ ուր Սուրբ Ֆրանչիսկոսը ունեցաւ տեսիլքը ու կոչումը՝ հետեւելու Յիսուսին, դառնալով աղքատներու միջեւ աղքատիկը։

Հինգշաբթի օգոստոսի 1ին, առաւօտեան ժամը 11-ին մատուցուած հանդիսաւոր սուրբ պատարագով բացումը կը կատարուի «Ներումի»  հանդիսութեան։

Յիշեալ հանդիսութիւններու ժամանակ Ասսիզիի տաճարը բաց կը մնայ  ամբողջ օրը, առիթ տալով ուխտաւորներուն մերձենալ խոստովանանքի խորհուրդին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/08/2019, 09:03