Հիրոշիմայի զոհերու յիշատակի օր Հիրոշիմայի զոհերու յիշատակի օր 

Նակասագի թեմի արքեպիսկոպոսին յայտարարութիւնը Հիրոշիմային աթոմական ռումբերու 74 ամեակի առթիւ:

Յայտարարութեան մէջ գերապայծառ Միթսուաքի դիտել կու տայ որ, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ պապին յղած այդ կոչէն 38 տարի եւ 9 ամիս ետք, ֆրանչիսկոս Պապ տարւոյս նոյեմբեր ամսոյն, պիտի այցելէ ճափոն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հիրոշիմայի աթոմական ռումբերուն 74-րդ տարեդարձին առիթով, հինգշաբթի, 8 օգոստոսին, Նակասագի թեմի արքեպիսկոպոս, Ճափոնի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ գերապայծառ Միթսուաքի թաքամի,  հանդէս եկած է « խաղաղութիւնը բոլոր անձերուն համար զարգացումի պտուղն   է»  տիտղոսակիր յայտարարութեամբ, որուն սկիզբը արքեպիսկոպոսը յիշել կու տայ, որ 25 փետրուար 1981-ին, Սուրբ Յովհաննէս  Պօղոս Բ պապ արտակարգ կոչ մը  յղեց Հիրոշիմայի մէջ խաղաղութեան խնդիր: Յետ այդ կոչին յաջորդող տարին 1982-ին, Ճափոնի եկեղեցին ամէն տարի,  6-էն – 15 օգոստոսը, յայտարարած է տասնօրեայ աղօթքի օր՝ խաղաղութեան համար: 

Ունկնդրէ լուրը

Յայտարարութեան մէջ գերապայծառ Միթսուաքի դիտել կու տայ, որ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին յղած այդ կոչէն 38 տարի եւ 9 ամիս ետք,  ֆրանչիսկոս Պապ տարւոյս նոյեմբեր ամսոյն Փափոն պիտի այցելէ:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ որ Ֆրանչիսկոս Պապ քահանայապետ ընտրուելէ անմիջապէս ետք,  անխոնջ աշխատանք տարած  խաղաղութեան կերտման ի խնդիր ինչպէս նաեւ աթոմական զէնքերուն վերացման համար:  23 մարտին, Նորին սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապը  պատգամը մը յանձնած է  ՄԱԿ-ի  գումարած ընդհանուր նիստի մասնակիցներուն, որուն մէջ շեշտած է որ խաղաղութիւնը  պէտք է կառուցուի՝ հիմնուելով արդարութեան, մարդկային համապարփակ զարգացման հիմնական իրաւունքներուն յարգանքի ինչպէս նաեւ արարչագործութեան պահպանման վրայ:

Ճափոնի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահը յայտարարութեան մէջ նշած է նաեւ, որ  Վատիկանը եղած է այն  առաջին երեք երկիրներէն  մին, որ վաւերացուցած է հիւլէական զէնքի կանխարգիլման  միջազգային  համաձայնագիրը: Այնուհետեւ Վատիկանը այդ համաձայնագիրէն մէկ ամիս ետք հովանաւորած է  աթոմական զէնքերուն կանխարգիլման մասին միջազգային դասախօսութիւն մը:  

Յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ  համայն մարդոց համապարփակ զարգացում կը նշանակէ, թէ կարելէ չէ բացառել ոչ մէկ  ժողովուրդ  եւ  ընկերութեան  մէջ  ոչ մի անպատ բացառուած  է, այլ  ամէնքս մաս կը կազմենք այդ ընկերութեան:

Յայտարարութեան աւատին, Ճափոնի եպիսկոպոսը հրաւիրած  է, որ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ միասին աղօթենք որպէսզի Ամենակալը խաղաղութիւն պարգեւէ համայն աշխարհին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/08/2019, 08:00