Երկնքի մէջ ունինք մայր մը' Մարիամ: Երկնքի մէջ ունինք մայր մը' Մարիամ:  

Կիրակի 18 Օգոստոս 2019 - Վերափոխում Սուրբ Աստուածածնի

Երկնքի մէջ ունինք մայր մը' Մարիամ: Մարիամ այն սերտ կապն է որ կը միացնէ մարդկութիւնը աստուածութեան:

Մարդկային փրկութեան խորհուրդին մէջ, Մարիամ յատուկ տեղ կը գրաւէ եւ ի յաւիտենից սահմանուած է իր կատարելիք դերը Աստուծոյ ծրագրով, մարդկութեան պատմութեան մէջ: Ան պիտի ըլլար խոստացուած Մեսիային մայրը, Աստուծոյ Միածին Որդիին մայրը: Երբ, 431 թուին, Եփեսոսի 3-րդ տիեզերական ժողովի ընթացքին, Նեստոր, Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքը կը համարձակի ըսելու թէ կարելի չէ կոչել Մարիամը մայր Աստուծոյ, այլ ան լոկ մայրն է Քրիստոսի որպէս մարդ, բոլոր Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերը դէմը կ՛ելլեն միահամուռ ու կը դատապարտեն զինք, յայտարարելով պաշտօնապէս թէ Մարիամ մայրն է Աստուծոյ, Աստուածամայր է:

Մարիամ այն սերտ կապն է որ կը միացնէ մարդկութիւնը աստուածութեան: Ան մաս կը կազմէ մարդկութեան, իր մարդկային բնութեամբը իսկ իր աստուածամայրութեամբ, մեզ սերտօրէն կը միացնէ Աստուծոյ: Ուստի ամէն քրիստոնեայ իր սրտին մէջ  ունենալու է յատուկ տեղ մը Մարիամի նուիրուած. Իւրաքանչիւր հաւատացեալ մշակելու է բարեպաշտութիւնը հանդէպ Տիրամօր, որովհետեւ ան է որ կը բարեխօսէ մեզի համար եւ բոլոր հարկաւոր շնորհքները կ՛ընդունի յօգուտ մեր անձին։

Հայկական եկեղեցիներու մէջ միշտ ի պատուի դրուած է, ընդհանրապէս Աւագ խորանին վրայ, Աստուածածնայ պատկերը։ եւ մենք կը հաւատանք ու կը հաստատենք թէ Մարիամ նաեւ մայրն է եկեղեցւոյ: Հոգեգալստեան օրը, Աստուածամայրը առաքեալներուն միջեւ էր Վերնատան մէջ, կը հսկէր անոնց վրայ եւ կը քաջալերէր զանոնք որպէսզի չյուսահատէին:

Աստուծմէ որեւէ մէկ շնորհք ընդունելու համար, կրնանք համարձակօրէն դիմել իր սուրբ մօրը, Մարիամի եւ ապահով կրնանք ըլլալ թէ պիտի ընդունինք զայն: Մարիամ հզօր միջնորդն է մեր եւ Աստուծոյ միջեւ, մեր կարող փաստափանը, մեր վրան հսկողը, որպէսզի չիյնանք հակառակորդի ճիրաններուն մէջ եւ գկորսուինք յաւիտենապէս:

Երկնքի մէջ, միակ մարդկային էակը որ իր մարմնով եւ հոգիով միատեղ կ՛ապրի Աստուծոյ մօտ, ինքն է, Մարիամը, կից իր Որդւոյն Յիսուս Քրիստոսի մարմնոյն եւ հոգիին: Ասիկա նշան մէն է որ մեր մարմիններն ալ օր մը պիտի հասնին նոյն փառքին, երկնքի մէջ: Յարութեան յոյսը եւ յաւիտենական կեանքի ստուգութիւնը մեզի կը բնորոշուին Մարիամի Վերափոխման իրողութեան ընդմէջէն:

Երուսաղէմի մէջ երբ կ՛արտայայտուին իր գերեզմանի եւ մահուան շուրջ, միշտ կը խօսուի իր ննջումին մասին. Մարիամ չմեռաւ սովորական մահականացուի մը նման, այլ ննջեց, քուն եղաւ, որպէսզի արթննար երկնքի յաիտենական երանութեան մէջ: թէեւ այս դէպքին պաշտօնական յայտարութիւնը որպէս հաւատքի ճշմարտութիւն տեղի ունեցաւ միայն 1958-ին, սակայն մեր նախնիք, առաջին քրիստոնեաները, միշտ համոզուած էին անոր իրականութեան:

Գրեթէ բոլոր սուրբերը մեզի փոխանցած են իրենց խոր համոզումը թէ Սուրբ Կոյս Մարիամը մեր բոլորին մայրն է եւ թէ մեզի ամէնուս համար կը բարեխօսէ երկնքէն, ընդունելով այն բոլոր շնորհքները որոնք օկտակար են մեզի: Ուստի վստահութեամբ դիմենք իրեն եւ ապահով պիտի ըլլանք որ մեր խնդրանքները պիտի ընդունուին. Ամէն:

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/08/2019, 09:05