Որոնել

Կիրակնօրեայ Աւետարանը Կիրակնօրեայ Աւետարանը  

Կիրակի 11 Օգոստոս 2019 Բարեկենդան Սուրբ Աստուածածնի

Քրիստոս բժիշկն է հոգիներու. Ան նախ կը փնտռէ մեղաւորները, այն անձերը որոնք մերժուած են ընկերութենէն
Ունկնդրէ Խորհրդածութիւնը

Այսօր Յիսուս կոչ կ'ուղղէ Ղեւի կոչուած մաքսաւորի մը որ իրեն հետեւի եւ ան, անմիջապէս թողլով իր գործը, կը հետեւի Յիսուսի, առանց երկար բարակ մտածելու կամ պատճառաբանելու: Իսկ որպէս նշան իր այս նոր կեանքի փարումին, կը հրաւիրէ Յիսուսն ու իր աշակերտները իր տունը, մեծ խնճոյքի մը որուն կը հրաւիրէ նաեւ իր ընկերները: Հետագային անոր անունը պիտի ըլլայ Մատթէոս:

Իսկ փարիսեցիները եւ տաճարի դպիրները, տեսնելով այս բոլորը, մէկդի կը կանչեն առաքեալները եւ, ինչ որ չեն համարձակիր ըսելու Յիսուսին, զիրենք կը պախարակեն, յուսալով որ անդրադառնան Յիսուսի առած այս սխալ քայլին եւ հրաժարին մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու հետ սեղան նստելէ: Բարեբախտաբար Յիսուս կը լսէ անոնց առարկութիւնները եւ պատասխան կու տայ անոնց, ազատելով իր աղակերտները նեղ կացութենէ մը:

Քրիստոս բժիշկն է հոգիներու. Ան նախ կը փնտռէ մեղաւորները, այն անձերը որոնք մերժուած են ընկերութենէն, անոնք որ մեղանչական վարքով հեռու կ̓̓ապրին եկեղեցիէն ու խորհուրդներէն, անոնք որ երբեք չեն մտահոգուած իրենց հոգիի փրկութեամբ, անոնք որ իրենք զիրենք լքուած կը զգան բոլորէն. Անոնց կ՛ուզէ նախ աւետել Աստուծոյարքայութեան աւետարանը, որպէսզի յոյս ներշնչէ անոնց թէ ինք ղրկուած է Աստուծմէ նախ եւ առաջ իրենց համար : Բժիշկին պարտականութիւնն է նախ եւ առաջ բուժելու հիւանդները եւ ապա զբաղելու նաեւ առողջներով:

Յիսուսի այս նախընտրութիւնը պէտք է հրճուանք պատճառէ մեր սրտին, որով այս բոլոր հոգեպէս աղքատ ու լքուած անձերը մեր քոյրերն ու եղբայրներն են եւ Քրիստոսի կոչով՝ անոնք կը վերադառնան իրենց նախնական արժանապատուութեան, որ է ըլլալ զաւակներ Աստուծոյ, Երկնաւոր Հօր, եւ եղբայրներ ու քոյրեր Քրիստոսի։

Անոնք մեզմէ աւելի պէտք ունին Քրիստոսի, ուստի անտեղի է նախանձիլ այլ ընդհակառակը՝ հարկ է ուրախ ըլլալ եւ ձեռք երկարել անոնց, որպէսզի մեզի միանան ու շարունակեն ճամբան դէպի փրկութիւն, շրջապատուած լաւագոյն անձերէն։ 

Հրէաները զանազան օրէնքներ ունէին, ճաշէն առաջ լուացուիլ, պիղծ մարդոց հետ սեղան չնստիլ, ամէն ինչ չուտել, զանազանելով սուրբ եւ անսուրբ կերակուրները... Քրիստոսի համար մէկ օրէնք կայ միայն որ կը գերազանցէ միւս բոլորը, սիրոյ օրէնքը եւ այս օրէնքին վրայ հիմնուած ինք պատրաստ է ընկալելու նոյնիսկ ամենաթշուառ անձերը զանոնք սիրաշահելու համար եւ մօտեցնելու դէպի Տէրը։

Յիսուս իր սիրոյ պատգամը կը փոխանցէ մարդկութեան նոյնիսկ ճաշի ժամանակ. Ճիշտ է որ Աստուծոյ պատգամը նախընտրաբար եկեղեցիներու մէջ կը քարոզուի, սակայն կարելի է զայն կատարել նաեւ ամենուրեք, սովորական կեանքի բոլոր ժամա-նակներուն եւ առիթներուն։

Երբեմն բարի օրինակ մը տրուած քրիստոնեայի մը կողմէ, կը բաւէ առինքնելու համար անձ մը եւ զայն դարձնելու հաւատացեալ. Կը պատահի նոյնիսկ որ քրիստոնէական կեանքի ապրումը եւ վկայութիւնը աւելի ազդեցիկ ըլլան քան քարոզ մը. Ուստի մեր կեանքով, խօսքով ու գործերով տեւապէս քարոզիչներ ըլլանք Քրիստոսի աստուածային նուիրական պատգամին. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/08/2019, 06:53