Որոնել

Քորէական թերակղզիին համար աղօթքի օր։ Քորէական թերակղզիին համար աղօթքի օր։ 

Քորէական թերակղզիի միացումին ու խաղաղութեան համար աղօթքի օր։

Աղօթքի օրը մաս կը կազմէ խաղաղութեան եւ արդարութեան ուխտագնացութիւն ձեռնարկին յիշատակելու համար Քորէայի ազատագրումը Ճափոնական բռնատիրութենէն՝ 1945ին

Ռոպէր Աթթարեան -  Վատիկան

Եկեղեցիներու Համամիութենական Խորհուրդը 15 օգոստոսը կանխող կիրակին՝ Քորէայի մէջ յատկացուցած է Քորէական թերակղզիի միացումին ու խաղաղութեան համար աւանդական աղօթքի օրուան։ Այս տարի եւս՝ Կիրակի 11 օգոստոս 2019-ին, պիտի կազմակերպուին աղօթքներ վերոնշեալ դիտաւորութիւններով։

Աղօթքի օրը մաս կը կազմէ խաղաղութեան եւ արդարութեան ուխտագնացութիւն ձեռնարկին յիշատակելու համար Քորէայի ազատագրումը Ճափոնական բռնատիրութենէն՝ 1945ին։ Աղօթքի օրուան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն  Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը, բարեկարգուած եկեղեցիներու համաշխարհային հաղորդութիւնը եւ աւետարանական եկեղեցիներու դաշնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/08/2019, 08:24