Որոնել

Մէտժուկորիէի  Սրբավայրը Մէտժուկորիէի Սրբավայրը 

Մէտժուկորիէի մէջ բացում «Երիտասարդներու 30-րդ Փառատօն» ին։

Փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն համայն աշխարհէն 50 հազարէ աւելի ուխտաւորներ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մէկէն վեց օգոստոս 2019-ին Մէտժուկորիէի մէջ տեղի կ՛ունենայ «Երիտասարդներու 30-րդ Փառատօն»ը որուն այս յոբելենական տարւոյն բնաբանը քաղուած է աւետարանական հատուածէն «Հետեւէ ինծի»։

Ունկնդրէ լուրը

Փառատօնին բացումը կը կատարէ Քահանայապետին Հռոմի Թեմին տեղակալ Արքեպիսկոպոս՝ Կարդինալ Անճելօ Տէ Տոնաթիսը, մինչ փառատօնի եզրափակիչ Սուրբ պատարագը պիտի մատուցանէ՝ Նոր աւետարանութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլան։

Մէտժուկորիէի «Երիտասարդներու 30-րդ Փառատօն» ին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն համայն աշխարհէն 50 հազարէ աւելի ուխտաւորներ առաջնորդուած 400 քահանաներէ։

Փառատօնին օրակարգը կը նախատեսէ մտածականներ, վկայութիւններ, թափօրներ եւ պաշտամունքային արարողութիւններ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/08/2019, 09:51