Սուրբ Մասիմիլիանօ Քոլպէ Սուրբ Մասիմիլիանօ Քոլպէ 

Սուրբ Մասիմիլիանօ Քոլպէի ծիսական տօնը:

Հիրոշիմայի ադոմական ռումբի ողբերգական աղէտէն ետք, Սուրբ Մասիմիլիանօ իր հիմնած կեդրոնի մէջ հիրընկալած եւ խնամք տարած է որբ մանուկներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, օգոստոս 14-ին, Լատին եկեղեցւոյ համաձայն կը նշուի Սուրբ Մասիմիլիանօ Քոլպէի ծիսական տօնը:

Ան ծնած է Լեհաստան , կրօնասէր հաւատացեալ ընտանիքի մը յարկին տակ: Աւազանի անունով Ռայմոնտօ, Լեոփոլի քաղաքի մէջ յաճախած է ֆրանչիսկեաններուն դպրոցը, ապա 1910-ին, մտած է Փոքրիկ եղբայրներու վանք՝ անուանակոչուելով Մասիմիլիանօ:

Հռոմի Գրիգորեան համալսարանի մէջ ուսանած է իմաստասիրութիւն եւ աստուածաբանութիւն: Քահանայ ձեռնադրուած է 28 ապրիլ 1910-ին: Երիտասարդ հասակին ու բոլոր կեանքին ընթացքին տառապած է վարակիչ ծանր հիւանդութենէ մը : Ան եղած է Հիմնադիրը «Անարատ յղութեան պահակազօրք» անուան, Մարեմեան կրօնական շարժումին, ունենալով իբրեւ նպատակ փրկել հոգիները եւ դարձի բերել բարի կամք ունեցող մարդիկ:

Սուրբ Մասիմիլիանօ Քրաքովիայի մէջ հիմնած է նաեւ տպարան մըն ու օրաթերթ՝ տարածելու եւ հռչակելու համար Աստուծոյ խօսքը:

Ան եղած է նաեւ հիմնադիրը « Տիրամօր քաղաք» անուան կեդրոններուն, Լեհաստանէն սկսեալ մինչեւ Ճափոն:
Հիրոշիմայի ադոմական ռումբի ողբերգական աղէտէն ետք, Սուրբ Մասիմիլիանօ իր հիմնած կեդրոնի մէջ հիրընկալած եւ խնամք տարած է որբ մանուկներուն: Ան անխտիր համագործակցած է հրէաներուն, Բողոքականներուն, պուտիսթներու հետ , ցանելով միշտ ճշմարտութեան սերմերը ամէնուրէք հասնելով մինչեւ Հնդկաստան:

1939 թուականին, Նացիներու Լեհաստան խուճումէն ետք, սուրբին հիմնած բարեսիրական կեդրոնին մէջ կը շարունակեն գործել շուրջ 40 եղբայրներ, կեդրոնը վերածելով հիւրընկալութեան, հիւանդներուն եւ գաղթականներուն կեդրոն:

19 սեպտեմբեր 1939-ին, Հայր Քոլպէ ու անոր եղբայրակիցները կը ձերբակալուին ու կ՝աքսորուին Աուշվիցի համակեդրոն ուրկէ կ՝ազատագրուին 8 դեկտեմբերին:

17 փետրուար 1941-ին, Հայր Քոլպէ կը մերժէ Գերմանական հպատակութիւն ստանալ՝ ինքզինք փրկելու համար: 28 մայիսին կը փոխադրուի Աուշվիցի համակեդրոնացման վայր ուր հրէաներու հետ միասին կ՝ենթարկուի ծանր աշխատանքներուն:
Աուշվիցի մէջ Հայր Քոլպէ կը շարունակէ իր քահանայական առաքելութիւնը, քաջալերելով բանտարկեալները չվհատելու եւ կառչած մնալու իրենց հաւատքին:

Կարգ մը բանտարկեալներուն վկայութեամբ Հայր Քոլպէ բանտին մէջ ճանչուած էր իբրեւ իշխան՝ բանտարկեալներուն միջեւ:
14 օգոստոս 1940-ին, Հայր Քոլպէ մահուան կը դատապարտուի ու անոր վերջին խօսքը կ՝ըլլայ «Ողջոյն քեզ մարիամ» աղօթքը:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/08/2019, 16:02