Սրբուհի Քիարա Սրբուհի Քիարա 

Լատին Եկեղեցին կը տօնէ Սրբուհի Քիարայի ծիսական տօնը։

Սանթա Քիարա (Սրբուհի Պայծառ) Քլարիսներու Միաբանութեան հիմնադրուհին է։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

11 օգոստոսին Լատին Եկեեցին կը յիշատակէ Սրբուհի Պայծառի ծիսական տօնը։ Տօնին առթիւ Ասսիզիի մէջ տեղի կ՛ունենայ տօնախմբութիւն, որուն կեդրոնական նիւթը քաղուած է Ֆրանչիսկոս Պապի «Ցնծացէք եւ ուրախացէք» առաքելական յորդորագիրէն. «Մի վախնար ձգտելու բարձունքներուն,  թոյլ տալու որ Աստուած սիրէ ու ազատէ քեզ։ Սրբութիւնը՝ շնորհքի ուժին հետ քու տկարութեանդ հանդիպումն է»։

Ունկնդրէ լուրը

Սրբուհի Պայծառը՝ Քիարան ՝ ծնած էր  1193-ին, Իտալիոյ Ասսիզի քաղաքին մէջ,  ազնուական, հարուստ եւ շատ առաքինի ծնողներէ։ Ան ունէր երկու քոյրեր՝ Անիէզէ եւ Պէաթրիչէ։ Իր ծաղիկ հասակէն  Քիարա մեծ սէր կը ցուցաբերէ  աղքատներուն հանդէպ։ Օրուան մէջ յաճախ իր վզէն կախուած շղթային հլունները վարդարանի հատիկներու պէս կը սահեցնէր  իր մատներուն մէջէն  կրկնելով Տէրունական աղօթքը եւ Հրեշտակային ողջոյնը։

Մօտաւորապէս 18 տարեկան էր երբ ծնողքը ուզեցին զինք ամուսնացնել մեծահարուստ ազնուականի մը հետ­, սակայն ինք  չէր ուզեր ամուսնանալ։

Այդ ատենները սրբութեան մեծ համբաւ կը վայելէր ֆրանչիսկոս Ասսիզացին. Քիարա իրմէ խորհուրդ առնելով  առանց տարակուսելու կը վճռէ խզել իր կապերը աշխարհի հետ եւ ամբողջովին նուիրուիլ Աստուծոյ։ Ան համաձայնած էր Ս. ֆրանչիսքոսին հետ  որ 1212-ի՝ Ծաղկազարդի տօնին պիտի սկսէր իր կրօնաւորական կեանքը։

Այդ օրը Քիարա  իր ամենագեղեցիկ զգեստները հագած՝ եկեղեցի կ՛երթայ իր ընտանիքի անդամներուն հետ, սակայն ձիթենեաց ճիւղերու բաշխումին ատեն իր տեղը անշարժ կը մնայ։ Արարողութեան նախագահող եպիսկոպոսը  անձամբ խորանէն վար կ՛իջնէ եւ Քիարային կու տայ ձիթենիի ոստ մը։

Յաջորդ օրը  առաւօտ կանուխ  Քիարա  գաղտագողի խոյս կու տայ տունէն, ու փողոցի մը մէջ կը   միանայ իր ընկերուհիներուն եւ բոլորը մէկ կ՛երթան ''Փորցիունքոլա'' մատուռը, ուր կը գտնուէր Ս. Ֆրանչիսկոս, որ զանոնք կ՛ընդունի եկեղեցւոյ դրան առջեւ ընկերակցութեամբ իր եղբայրակից կրօնաւորներուն, որոնք բոցավառ ջահեր բռնած կ՛երգէին ''Եկ Ս. Հոգի'' շարականը։

Տիրամօր խորանին ոտքը, Քիարա կը հանէ իր զգեստներն ու զարդերը ու ֆրանչիսքոսէն կ՛ընդունի սրճագոյն կոշտ կտաւէ սքեմ մը, ապա թոյլ կու տայ որ սուրբը կտրէ իր գեղեցիկ մազերը։

Այսպէս, այդ օրը կը հաստատուէր  Քլարիսթներու միաբանութիւնը։

Քիարայի ծնողքը փորձեցին զինք  ետ տուն բերել բայց ինք հաստատ մնաց իր որոշումին վրայ։

Շատ ժամանակ չանցած՝  Քիարային քոյրը՝ Անիէզէն,  ուզեց ինք եւս՝ միանալ նոյն միաբանութեան,  հակառակ անոր որ 12 այր մարդիկ բռնի ջանացին զինք տուն վերադարձնել,  ինք վճռակամութեամբ դիմադրեց անոնց։

Ս. ֆրանչիսքոս Անիէզէին ալ, որ 14 տարեկան էր, տուաւ կրօնաւորական սքեմը։

Շատ չանցած Աստուած Սրբուհի Քիարային  մօտ ղրկեց ուրիշ բազմաթիւ ընտրեալ հոգիներ, ու Քիարա  Ս. ֆրանչիսքոսի պնդումին վրայ յանձն առաւ զանոնք առաջնորդելու ծանր պատասխանատուութիւնը։

Սրբուհի Քիարա 42 տարի մեծ խոհեմութեամբ, աստուածավախութեամբ եւ կանոնի ճշգրիտ գործադրութեամբ, իր իսկ կեանքովը առաջնորդեց զանոնք,  ընթանալով կատարելութեան ուղիէն, ծոմապահութեամբ,  աղօթքով եւ հսկումով։ Նոյնիսկ իր հիւանդութեան շրջանին  ուրիշներու օգնութեամբ ոտքի կ՝ելլէր  եւ միւսներու նման ձեռային գործերուն կը պարապէր։

Սրբուհի Քիարա բազմաթիւ հրաշքներով  հռչակաւոր դարձաւ իր կենդանութեան ատեն իսկ։ Իր կեանքի վերջին ժամերուն  երջանկութիւնը ունեցաւ Տիրամօր եւ Սուրբ ու նահատակ կոյսերու այցելութիւնը վայելել։

12 Օգոստոս 1253-ին, խաղաղօրէն իր հոգին աւանդեց։ Իր մահէն ետք ալ  բազմաթիւ հրաշքներ կատարուեցան իր բարեխօսութեամբը, եւ 1255-ին, երջանկայիշատակ Աղեքսանդր Դ. Քահանայապետը  զինք դասեց Սուրբերու շարքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/08/2019, 08:25