Տօն Փոխման Սրբոյ Կուսին Մարիամու Աստուածածնի։ Տօն Փոխման Սրբոյ Կուսին Մարիամու Աստուածածնի։ 

Տօն Փոխման Սրբոյ Կուսին Մարիամու Աստուածածնի։

Հայ Եկեղեցին իր հինգ մեծ տօներէն՝ Տաղաւար տօներէն մէկը նուիրած է Աստուածածնին:

Կիրակի 18 օգոստոս 2019-ին կը յիշատակուի Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածանայ վերափոխման տօնը։
Հայ Եկեղեցին իր հինգ մեծ տօներէն՝ Տաղաւար տօներէն մէկը նուիրած է Աստուածածնին, ըստ Յիսուսի կողմէ կատարուած խոստումին, զինք իր մօտ՝ երկինք տանելու գեղեցիկ աւանդութեան, որ մեծ շուքով կը նշուի ամէն տարի Օգոստոս ամսուան 15-ի մօտիկ

Կիրակին, մինչ Յոյն Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիները զայն կը տօնեն անփոփոխ կերպով նոյն թուականին՝ 15 Օգոստոսին։
Հայոց Եկեղեցին տարուան ընթացքին զանազան առիթներով կ՛ոգեկոչէ Աստուածամօր յիշատակը. իր հոգեզմայլ շարականներով ու աղօթքներով կը մեծարէ անոր իւրայատուկ դերակատարութիւնը Քրիստոսի Մարդեղութեան Խորհուրդի իրագործման մէջ։
Աստուածածնին Նուիրուած Տօներ
Աստուածամօր նուիրուած տօներու շարքին են. Սուրբ Կոյս Մարիամի Ծնունդը Յովակիմէն եւ Աննայէն։ Մատաղ հասակին՝ Անոր Ընծայումն ի Տաճար, ուր ապրեցաւ եւ ստացաւ իր հոգեւոր սնունդը մինչեւ 12 տարեկան։ Գաբրիէլ հրեշտակի կողմէ անոր փոխանցուած՝ Ս. Հոգիով յղանալու ուրախ լուրը՝ Աւետումը (Ղուկ. Ա. 26-38)։ Անոր գործածած տուփին եւ գօտիին գտնուելու ուրախ առիթը եւ անոնց նկատմամբ ցուցաբերուած յարգանքն ու մեծարանքը (Գիւտ Տփոյ, Գիւտ Գօտւոյ)։ Վերջապէս, յետ մահու անոր մարմնով երկինք փոխադրուած ըլլալը, որը ծանօթ է որպէս Վերափոխումն Սուրբ Աստուածածնի եւ այս տարի կը կատարուի Կիրակի 12 Օգոստոսին։
Ըստ եկեղեցական աւանդութեան Յիսուսի Համբարձումէն ետք Մարիամ Աստուածածին ապրեցաւ Երուսաղէմի մէջ վայելելով առհասարակ բոլոր առաքեալներու եւ յատկապէս Յովհաննէս Առաքեալի սէրն ու գուրգուրանքը, խնամքն ու հոգատարութիւնը։ Ան կը վախճանի շուրջ 50 տարեկանին։ Իր թաղման ժամանակ Բարթողոմէոս Առաքեալ կը բացակայէր Երուսաղէմէն։ Աւանդութիւնը կ’ըսէ, որ Աստուածամայրը իր կենդանագիր նկարը կը յանձնէ Յովհաննէս Առաքեալին, որպէսզի զայն փոխանցէ Բարթողոմէոսի։
Ահա այդ նկարն է, որ Հայաստանի Առաջին Լուսաւորիչներէն՝ Բարթողոմէոս Առաքեալ յետագային իր հետ կը տանի Հայաստան։ Յամենայն դէպս, առաքեալը չի բաւարարուիր այդ նկարով եւ կուզէ անպայման՝ վերջին անգամուան համար տեսնել Աստուածամայրը եւ իր յարգանքը մատուցել անոր։ Ուստի, անոնք միասնաբար կ՛այցելեն անոր գերեզմանը, սակայն այնտեղ չեն գտներ նորոգ հանգուցեալի մարմինը։ Այնուհետեւ կանդրադառնան, որ անցեալ երեք օրերու ընթացքին, լսուող հրեշտակներու օրհներգութեամբ, Աստուածամօր մարմինը երկինք փոխադրուած էր։ Այս է Վերափոխումն Սուրբ Աստուածածնի Տօնին վերաբերող պատմութիւնը։
Աւանդութիւններ, Խաղողօրհնէք
Ինչպէս ընդունուած չէր խնձոր ուտելը մինչեւ Վարդավառ, այնպէս ալ ընդունուած չէր խաղող ուտել մինչեւ Օգոստոս 15-ին նախորդող կամ յաջորդող կիրակի օրը, Խաղողօրհնէքի տօնը։ Աշխարհի բազմաթիւ ժողովուրդներու մօտ աւանդաբար պահպանուած սովորութիւն էր հասած առաջին բերքը, առաջին պտուղները զոհաբերել ուխտավայրի մը մէջ եւ յետոյ միայն կարելի էր ուտել։ Հայոց մէջ տարբեր տօներու զոհաբերուող ուտելիքներէն էին հաւկիթը՝ Զատկին, կաթնովը՝ Համբարձման, հասկեր եւ խնձոր՝ Վարդավառին, ընդեղէնները՝ Նոր տարուան, իսկ խաղողը՝ Աստուածածնին։

Ըստ Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին, Խաղողօրհնէքի կամ Աստուածամօր տօնը կը նշուի օգոստոսի 12-18-ը հանդիպող կիրակին։ Տօնակատարութիւնը Հայաստանի տարբեր վայրերու մէջ որոշ տարբերութիւններ ունէր։ Օրինակ՝ Քեսապի մէջ շաբաթ օրը բոլոր թոնիրները կը վառէին եւ կիները ձէթով բոկեղ կը թխէին։ Բոկեղին բոյրը կը դառնար տօնին ուղեկիցը։ Կիրակի առաւօտեան տղամարդիկ խաղող, կիները բոկեղ կը տանէին եկեղեցի։
Դարձեալ Քեսապի մէջ կիրակի անպայման սմբուկով ու սիսեռով ճաշ կեփէին։ Այնքան տարածուած էր այս ճաշատեսակը, որ դրացի թուրքերը Աստուածածնի տօնը «Պատընճան պայրամ» կը կոչէին։
Այլ շրջաններու մէջ մարդիկ օրերով կը պատրաստուէին օգոստոսեան ուխտագնացութեան։ Մտերիմներու, ծանօթներու, ազգականներու խումբերը նախապէս ընտրելով իրենց տօնական ուխտավայրը՝ ճամբայ կիյնային, երբեմն ամբողջ գիշերը քալելու պայմանով, որպէսզի արեւածագը դիմաւորեն նշանակուած վայրին մէջ։

Գիշերային այդ երթերը ինքնին տօնակատարութեան մթնոլորտ կը ստեղծէին, իսկ առաւօտեան ուխտավայր հաւաքուած բազմութիւնը արեւածագը կը դիմաւորէր տօնական տրամադրութեամբ եւ խնճոյքի պատրաստութիւններով։ Մինչ տարեցները մատաղներ կընէին, սեղանի պատրաստութիւն կը տեսնէին, երիտասարդները կը խաղային լախտի, ըմբշամարտ եւ գօտեմարտ;Կէսօրին բոլորը կը նստէին խնճոյքի կերակրատեսակներուն մէջ աչքի կը զարնէին պտուղներու առատութիւնը, կաթնասերը, գաթան, հալվան եւ անշուշտ՝ մատաղի միսը։
Քեսապի մէջ ուխտագնացութիւնը կը սկսէր կիրակի երեկոյեան, երբ մատաղները կօրհնուին ու կը զենուին իսկ աւանդական հերիսայի պղինձները կը շարուէին ծառին տակ, կրակարաններուն վրայ։ Քովի թթաստանի ծառերուն տակ ուխտաւորները կը բանային իրենց սեղանները, իսկ ծառին տակ կը փչէ զուռնան, կը թնդայ թմբուկը եւ մինչեւ լոյս շուրջպարը կը դառնայ։ Երկուշաբթի առաւօտ տեղի կունենար հանդիսաւոր պատարագ։ Պատարագիչ սրբազանը կ'օրհնէր հերիսան, որ կը բաժնուէր ուխտաւորներուն։ Խնճոյքը, կերուխումը, զուռնան ու պարը կը տեւէին մինչեւ երեկոյ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/08/2019, 15:35