Օրթոտոքս հոգեւորականութեան միջազգային համամիութենական 27-րդ համագումարը:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Օրթոտոքս եկեղեցիներուն կազմակերպութեամբ, 4-էն- 6 սեպտեմբերին, Պոզէի վանքէն ներս կը գումարուի Օրթոտոքս Հոգեւորականութեան միջազգային համամիութենական 27-րդ համագումարը, ունենալով որպէս նիւթ, «կանչուած ենք՝ Քրիստոսի կեանքին:»
Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն, աշխարհի բոլոր եկեղեցիներուն ներկայացուցիչներ եւ մտաւորականներ: Այս մասին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած թէ համագումարին նպատակն է ուսումնասիրել մարդկային կոչումին իմաստը ինչպէս նաեւ քրիստոնէական կոչումը՝ աշխարհի, եկեղեցւոյ եւ ժամանակից աշխարհէն ներս:
«Մշակութային, քաղաքական եւ ընկերային բարդ ժամանակահատուածին, համագումարին նպատակն է ուսումնասիրել իւրաքանչիւր անձի՝ուրիշներուն հետ յարաբերութեան հետ կապուած՝ կոչումի արմատները:» Նշուած է է հաղորդագրութեան մէջ ու աւելցուած «ըստ Սուրբ գիրքին աւանդութեան Աստուծոյ կանչը -Աբրահա ո՞ւր ես - հրաւէր է կեանքին, հրաւէր նաեւ հարազատ մարդ էակներ դառնալու պարտականութեան: Աւետարանին մէջ սոյն կանչը կ՝ընդգրկէ անձին մը շօշափելիութիւնն ու ուժը՝ Նազովրեցին Յիսուսը« Աստուծոյ կոչին պատասխանելը կը կայանայ Քրիստոսի հետեւելու մէջ : Հանդիպումի մը հմայքը, արկածախնդրութեան մը ծնունդը, որ կ՝անցնի պատմութեան ընդմէջէն» նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Յայտնենք թէ վերոնշեալ համագումարին, եկեղեցիներուն շարքին հայ առաքելական եկեղեցին կը ներկայացնէ Գերյ Ռուբէն Զարգարեան:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ