Որոնել

Օրթոտոքս հոգեւոր առաջնորդներ Օրթոտոքս հոգեւոր առաջնորդներ 

Օրթոտոքս հոգեւորականութեան միջազգային համամիութենական 27-րդ համագումարը:

Համագումարին հայ առաքելական եկեղեցին կը ներկայացնէ Գերյ Ռուբէն Զարգարեան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Օրթոտոքս եկեղեցիներուն կազմակերպութեամբ, 4-էն- 6 սեպտեմբերին, Պոզէի վանքէն ներս կը գումարուի Օրթոտոքս Հոգեւորականութեան միջազգային համամիութենական 27-րդ համագումարը,  ունենալով որպէս նիւթ, «կանչուած ենք՝ Քրիստոսի կեանքին:»

Ունկնդրէ լուրը

 Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն, աշխարհի բոլոր  եկեղեցիներուն ներկայացուցիչներ եւ մտաւորականներ:  Այս մասին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած թէ  համագումարին նպատակն է ուսումնասիրել մարդկային կոչումին իմաստը ինչպէս նաեւ քրիստոնէական կոչումը՝ աշխարհի, եկեղեցւոյ եւ ժամանակից աշխարհէն ներս:

«Մշակութային, քաղաքական եւ ընկերային բարդ ժամանակահատուածին, համագումարին նպատակն է  ուսումնասիրել  իւրաքանչիւր անձի՝ուրիշներուն հետ յարաբերութեան հետ կապուած՝ կոչումի արմատները:» Նշուած է է հաղորդագրութեան մէջ ու աւելցուած «ըստ Սուրբ գիրքին աւանդութեան Աստուծոյ կանչը  -Աբրահա ո՞ւր ես -  հրաւէր  է կեանքին, հրաւէր նաեւ  հարազատ մարդ էակներ  դառնալու պարտականութեան: Աւետարանին մէջ սոյն  կանչը կ՝ընդգրկէ անձին մը շօշափելիութիւնն ու ուժը՝ Նազովրեցին Յիսուսը«  Աստուծոյ կոչին պատասխանելը կը կայանայ Քրիստոսի հետեւելու մէջ : Հանդիպումի մը հմայքը, արկածախնդրութեան մը ծնունդը, որ կ՝անցնի պատմութեան ընդմէջէն» նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Յայտնենք թէ վերոնշեալ համագումարին,  եկեղեցիներուն  շարքին հայ առաքելական եկեղեցին կը ներկայացնէ Գերյ Ռուբէն Զարգարեան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/08/2019, 14:35