Որոնել

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի եկեղեցին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի եկեղեցին 

Անթիլիասի մայրավանքի մայր տաճարի վերանորոգում:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գահակալութեան շուրջ 25 տարիներուն ընթացքին երրորդ անգամ ըլլալով մայր տաճարը կ՛ենթարկուի ամբողջական վերանորոգման:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի վերանորոգման աշխատանքները սկիզբ առին 20 օգոստոս 2019-ին եւ պիտի տեւեն շուրջ երկու ամիս: Վերանորոգման ծախսերը ստանձնած են հիւսիսային Ամերիկայի արեւմտեան թեմի ազգայիններ տէր եւ տիկին Յովսէփ եւ Էլիզապեթ Պոյաճեաններ:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գահակալութեան շուրջ 25 տարիներուն ընթացքին երրորդ անգամ ըլլալով մայր տաճարը կ՛ենթարկուի ամբողջական վերանորոգման` բնականաբար յաճախակի առիթներով կատարուած բարեզարդման որոշ աշխատանքներու առընթեր:

Մայր տաճարի վերանորոգման շրջանին Ս. եւ Անմահ պատարագները պիտի մատուցուին տաճարին կից գտնուող դամբարանի մատրան մէջ:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/08/2019, 09:00