Սուրբ Օսքար Ռոմերոյի ուխտագնացութիւնը Սուրբ Օսքար Ռոմերոյի ուխտագնացութիւնը 

Սուրբ Օսքար Ռոմերոյի տարեկան 3-րդ ուխտագնացութիւնը:

Ուխտագնացութիւնը այս տարի ունի որպէս նպատակ արարչագործութեան պահպանումը:

1-էն-3 օգոստոս 2019-ին, Սան Սալվատորի մէջ տեղի կ՝ունենայ Սուրբ Օսքար Ռոմերոյի նուիրուած ուխտագնացութիւնը՝ Սան Սալվատորէն դէպի Չուտատ, մարտիրոս սուրբին Սրբավայրը:

Ունկնդրէ լուրը

Այս տարուան ուխտագնացութեան նիւթն է  «Քալելով Սուրբ Օսքար Ռոմերոյին հետ, սերմը որ կը ծլի հողին մէջ եւ կ՝արտադրէ արդարութեան պտուղներ, եղբայրութիւն եւ խաղաղութիւն»:

Սուրբ Օսքար Ռոմերոյի ուխտագնացութեան այս տարուան ծրագիրին նպատակն է  արարչագործութեան պահպանումը՝  որուն ծիրէն ներս պիտի խրախուսուի բնապահպանութեան մշակոյթը: Արդարեւ,  իւրաքանչիւր ուխտաւոր պիտի ստանայ ծառ մը,  տնկելու համար  ուխտագնացութեան  ուղեւորութեան ժամանակ զոր պիտի նպաստէ    անտարներու վերականգնումին

Սուրբ Օսքարի ուխտագնացութիւնը սկիզբ առաւ օգոստոս 1-ին, Սան Սալվատորի մայր տաճարին մէջ առաւօտեան մատուցուած Սուրբ Պատարագով,  զոր նախագահեց  Սան Սալվատորի Արքեպիսկոպոս  Գերապայծառ Խօսէ Լուիս Էսքոպայ Ալաս ապա ուխտաւորները հետիոտն Սան Սալվատորէն կ՝ուղղուին դէպի Ափասթէփէի:

Ուխտագնացութիւնը վերջ կը գտնէ ՝ օգոստոս 3-ին, Սուրբ Օսքար Ռոմերոյին ծննդավայրին մէջ ուր ՝Սան Սալվատորի թեմի օգնական եպիսկոպոս կարդինալ Կրէկորին Ռոզա Շաւեց կը մատուցանէ Սուրբ Պատարագ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/08/2019, 12:44