Յիսուսի սրբապատկեր Յիսուսի սրբապատկեր 

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը:

Պայմանները Յիսուսին հետեւելու:

«Դուն հետեւիր ինծի եւ թող որ մեռեալները թաղեն իրենց մեռելները»։ (Մատթէոս 8։22)

Ով Տէր Քեզի կը հաւատամ, գիտեմ որ դուն ներկայ ես հիմա եւ ինծի հետ ես, եւ քովս ըլլալով՝ Քու ներկայութիւնդ կը վայելեմ։

Մեծ յոյս ունիմ, որ դուն յաւիտենականութեան մէջէն ինծի պիտի օգնես։ Վստահութիւն ունիմ, որ զիս պիտի ուղղես այն յաւիտենական կեանքին։

Քեզ շատ կը սիրեմ ով Տէր, բայց աւելցուր իմ մէջս այն սէրը, օգնէ ինծի որ միմիայն Քեզ սիրեմ ինչպէս նաեւ քու ստեղծագործութիւններդ, որովհետեւ դուն զիրենք ստեղծեցիր եւ կը սիրես։ Տուր ինծի անհուն փափաքն քեզի հետեւելու։

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Դպիր մը իրեն կը մօտենայ եւ իրեն կ՛ըսէ․ «Քեզի պիտի հետեւիմ ուր որ ալ ըլլաս եւ ուր որ երթաս»։ Շատեր ինքզինքնին քրիստոնեայ համարելով իրեն կը միանան, բայց քանիներ իրեն կը հետեւին։ Այս ներքին փափաքը եւ թափը դպիրին, որ իրեն ուղղեց, եկաւ զինք փնտռելու, զինք փռեց իր ուսուցումներուն հետեւելու, իրմէ բան մը չի խնդրեր, այլ՝ կը յայտնէ ինչ որ կը զգայ սիրտը․ «Կ՛ուզեմ ամենուրէք Քեզի հետեւիլ․․․»։

Ուրտեղէ՞ն կու գայ իր սրտին թափը։ Անպայման Սուրբ Գիրքէն, որ թերեւս լաւ կարդացած էր, ատոր համար փափաքը ունեցաւ Զինք ճանչնալու։

Եւ սակայն ահս թափը կատարեալ չէր, որովհետեւ յստակ չէր։ Իր մէջ զգաց զղջում մը․ «Եթէ կարենայի իրեն հետեւիլ, բայց իմ հանգիստիս մէջ մնալով, եթէ Յիսուս չխնդրեր ինծմէ, որ ամէն բանէ հրաժարէի մանաւանդ իմ կեանքիս հեշտութենէն»։

Արդեօք պիտի կարենանք ապրիլ քրիստոնէական միջակ կեանք մը․․․ Պաղ մնալ մեր կարճ կեանքին ընթացքին առանց ցաւի, ուրախութեան եւ կամ փառքի՞․․․ ոչ․․․ Տէրը գիտէ, որ մարդս տկար է եւ ատոր համար մեռելները մէկդի կը դնէ պարզապէս իրեն հետեւելու․․․ Հակառակ մեր տկարութեան եւ մանրութեան, Յիսուս մեզ կը սիրէ եւ մեզ կանչելով՝ Իրեն հետեւինք։

Տէրն է, որ մեզի ամէն ժամ եւ ամէն օր ոյժ կու տայ Իրեն հետեւելու եւ հրաժարելու մեռելներէն եւ անձնասիրութենէն մեզի տալով մադկային ապահովութիւնը եւ վստաութիւնը։

Խնդրենք Յիսուսէն, որ մեր մէջ վառէ փափաքը Իրեն հետ մնալու, մաքրելու մեր սիրտերը․․․ Իրեն կապուինք միշտ եւ ամենուրէք Իրեն հետ ըլլանք․ Ամէն։

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/08/2019, 08:00