Որոնել

Աղթամարի եկեղեցին Աղթամարի եկեղեցին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ:

Յիսուս բազմաթիւ առակներով ու քարոզութիւններով շեշտած է մարդկային ըլլալ բոլորին նկատմամբ ու մանաւանդ անոնց, որոնք մեր թշնամիները կը համարենք։

Աստուծոյ անունը կանչել … Տէ՛ր, Տէ՜ր

«Աստուծոյ անունը կանչելու» հասկացութենէն տարբեր իմաստով գործածուած է «Տէ՛ր, Տէ՜ր» արտայայտութիւնը, որ Նոր Կտակարանին մէջ իր գործածուած տեղը գովասանական բացագանչութիւն մըն է աւելի, քան թէ՝ խնդրական կոչ մը:

Ունկնդրէ լուրը

Վաւերական, ճշմարիտ աշակերտները զատորոշելու համար կեղծաւորաբար զինք սիրողներէն ու պաշտողներէն Յիսուս սոյն բացագանչութիւնը օրինակ կը բերէ. «Չկարծէք, թէ ով որ ինծի «Տէ՛ր, Տէ՜ր» կ’ըսէ, երկինքի արքայութիւնը պիտի մտնէ»: Աստուածորդին բացայայտօրէն վար կ’առնէ կեղծիքի դիմակը, զոր իր շուրջը դարձողներէն ոմանք այնքան հանգիստ խղճով կը կրէին իրենց դէմքին: Ան նաեւ վախճանաբանական պատկերը ցոյց կու տայ անոնց, ըսելով, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ ժամանակներու աւարտին, նման խաբեպատիր զգացումներով իր անունը շահագործողներուն: Ան կ’ըսէ. «Երբ այդ օրը գայ, շատեր պիտի ըսեն ինծի «Տէ՛ր, Տէ՜ր, չէ՞ որ քու անունովդ Աստուծոյ պատգամները փոխանցեցինք, քու անունովդ չար ոգիներ դուրս հանեցինք եւ քու անունովդ բազմաթիւ հրաշքներ գործեցինք»: Այն ատեն պիտի յայտարարեմ անոնց. «Բնա՛ւ ձեզ չեմ ճանչնար: Հեռացէ՛ք ինձմէ դուք բոլորդ, որ չարիք կը գործէիք»» (Մտ. 7.21-23)։

Իր կողմէ մերժուելիք եւ իրմէ հեռացուելիք անձերու դէմ ուղղած Յիսուսի ամբաստանութիւնը գլխաւոր երեք կէտեր ունի, որոնք իր մտածողութեան մէջ, ընդհանուր կերպով «չարիք» վերնագրին տակ ամփոփուած են:

Ա.- Աստուծոյ պատգամները փոխանցել,
Բ.- Չար ոգիներ դուրս հանել եւ
Գ.- Հրաշքներ գործել:

Անկասկած, որ այս երեք երեւոյթները ունին նաեւ իրենց դրական իմաստները: Սակայն այստեղ անոնք կը հետեւին կեղծապատիր «Տէ՛ր, Տէ՜ր» բացագանչութեան, որ կը նուազեցնէ անոնց իսկական արժէքը եւ մատնանիշ կ’ընէ մարդոց աչքէն ծածկուած մեքենայութիւն մը:
Աւետարանի այս հատուածին մէջ արտայայտուած տողամիջի պատգամը այն է, որ՝ եթէ կը յաջողուի քեզի մարդիկը խաբել, վստահաբար պիտի ձախողիս զԱստուած խաբելու մեծագոյն ճիգիդ մէջ։

Կը պատմուի թէ՝ Մարկոս Անտոնիոս զօրավարը եւ Կղէոպատրա թագուհին յաճախ իրարու հետ ձկնորսութեան կ’երթային։ Զօրավարը դանդաղաշարժ էր, մինչ թագուհին ձեռներէց եւ արագաշարժ։ Կղէոպատրա յաճախ կը յաջողէր մեծ ու գեղեցիկ ձուկեր որսալ, մինչ Անտոնիոս գերթէ ձեռնունայն կը դառնար։ Առիթով մը Անտոնիոս վարպետ լողորդի մը յանձնեց մեծ ու գեղեցիկ ձուկեր, զոր բերել տուած էր գաղտնաբար, որպէսզի ջուրին տակ իջնելով անզգալաբար մէկ առ մէկ զանոնք անցընէ իր կարթին։ Կղէոպատրայի աչքէն չվրիպեցաւ սակայն այս խորամանկ ճարպիկութիւնը։ Յաջորդ անգամ, երբ դարձեալ միասնաբար նոյն հաճոյքը կը վայելէին ծովափին, միեւնոյն խաղը այս անգամ Կղէոպատրա ի՛նք կը կազմակերպէ, սակայն երբ Անտոնիոս վեր կը քաշէ իր կարթը, տապկուած մեծ ձուկ մը կը գտնէ այնտեղ կախուած…։

Նոյնպէս ալ զԱստուած չես կրնար խաբել երբեք։ Ան գիտէ մանաւանդ թէ «ջուրին տակը» եղած պահուդ ի՞նչ կ’ընես։ Ջուրին երեսը ելլելով հանդարտ ու պարկեշտ լողալդ բնա՛ւ երաշխիք չեն կրնար ըլլալ ջուրին տակը եղածիդ կամ ըրածիդ։ Փարիսեցիներուն համար Յիսուս կ’ըսէ, որ անոնք դժուարակիր բեռներ կը դնեն ժողովուրդին ուսերուն, մինչ իրենց նուազագոյն ճիգը չեն ըներ զանոնք վերցնելու եւ օգնելու կրողներուն (հմմտ. Մտ. 23.4)։ Իսկ զատողութիւնը, զոր կը դնէին անոնք իրենց ծանօթներուն եւ անծանօթներուն միջեւ, մեծագոյն գայթակղութիւնն էր յաչս ժողովուրդին։ Յիսուս բազմաթիւ առակներով ու քարոզութիւններով շեշտած է մարդկային ըլլալ բոլորին նկատմամբ ու մանաւանդ անոնց, որոնք մեր թշնամիները կը համարենք։ Բարի սամարացիին առակը միթէ գեղեցիկ օրինակ մըն է, թշնամիները սիրելու պատգամը սքանչելի քարոզախօսութիւնն է Յիսուսի կողմէ կատարուած։
Հոգեթով պատմուածք մը որպէս օրինակ կու տանք յիշելու սիրոյ աժէքը։ ՝՝Հայր մը իր ունեցած թանկարժէք ադամանդը կը խոստանայ տալ իր երեք տղոցմէ անոր, որ լաւագոյն արարքը կատարէ։ Առաջինը անփութութեամբ կը մերժէ մասնակցիլ, արհամարհելով իր հօր ժառանգը եւ գուրգուրանքը։ Երկրորդը անպատսպար երեխայի մը նկատմամբ սէր ու գութ կը ցուցաբերէ եւ կը պաշտպանէ զայն փողոցի քարկոծողներուն դէմ։ Երրորդը իր թշնամիին կեանքը կը փրկէ…։ Հայրը կը գնահատէ այս վերջինը եւ անոր կը յանձնէ թանկարժէք քարը՝՝։

«Տէ՛ր, Տէ՜ր»ըսելով չէ որ զԱստուած կը սիրենք այլ՝ սիրելով մեր մերձաւորը, մանաւանդ սիրելով մեր թշնամիները։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/08/2019, 10:39