Խոր վիրապ Խոր վիրապ 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ:

Ո՛չ Տեսնեմ, Ո՛չ Ալ Թքեմ

Մարդկային կեանքի փոխյարաբերութիւնը բազմաթիւ վերիվայրումներ կ՛ունենայ: Փորձառու անձ մը կ՛ըսէր, որ մնայուն կապեր չկան, այլ շահեր կան: Գաղափարապաշտ մարդիկ կրնան հակառակիլ այս կարծիքին եւ այն չընդունիլ իբրեւ հաստատում, որովհետեւ անոնք կը հաւատան անկեղծութեան ու սիրոյ, նոյնիսկ եթէ ձախորդութիւններու հանդիպին կամ ծեծուին անվստահելի, նենգ, խաբեբայ եւ խարդախ մարդոց ձեռնափայտով: Նման գաղափարապաշտ մարդիկ կրնայ ըլլալ որ յուսախաբ ալ ըլլան որոշ ժամանակի համար, սակայն շուտով կը փորձեն վերականգնել իրենց ինքնավստահութիւնը, վերագտնել հոգեկան խաղաղութիւնը եւ խղճի անդորրութիւնը, ու դարձեալ մարդոց մօտենալ անկեղծութեամբ, նոյնը սպասելով նաեւ իրենց դիմացինէն:

Աստուածաշունչը կը պատմէ գալիք այն երանելի վիճակին մասին, երբ «գայլք եւ գառինք ի միասին ճարակեսցին»: Սակայն մեզմէ շատե՜ր թերահաւատ են նման դրութեան մը հաստատման, գէթ այս աշխարհի վրայ: Կարելի՞ է որ բոլոր մարդիկ բարի ըլլան, այնպէս ինչպէս կը խորհին գաղափարապաշտ մարդիկ: Նենգութիւնը, խաբեբայութիւնը, խարդախութիւնն ու սուտը ինչպէ՞ս կարելի է հաւաքել փողոցի մայթերէն, լեցնել պարկերու մէջ եւ աղբաման նետել: Վստահ եղէք, անոնք աղբամանին մէջ իսկ վերստին «կը ծաղկին» եւ իրենց չար պտուղներով կ՛ողողեն մարդկութեան առեւտուրի շուկաները, շարժուն կառքերէն սկսեալ մինչեւ կանաչեղէնի լայնարձակ սեղաններուն վրայ բռուելով, թունաւորելու համար մեր կեանքը:

Անտառի կենդանիներուն մէջ աղուէսը ոմանց կարծիքով «բարի» կամ «անվնաս» գազաններու կարգին կը դասուի, հակառակ իր խորամանկութեամբ յատկանշուող բնազդին: Անիկա խաբեբայ ըլլալով հանդերձ «վախկոտ» անասուն է, որովհետեւ հազար հաշուարկ կը կատարէ իր որսը ձեռք ձգելէ առաջ: Ուրեմն, կարելի է զայն վախցնել ու փախցնել, ինչքան շուտ՝ այնքան լաւ: Սակայն անտառի գազաններուն մէջ կայ գայլը, որուն ժանիքներն ու աղօրիքները շատ աւելի զօրաւոր են ու անզիջող: Գայլին կլափը ինկող որսը, մարդկային թէ կենդանական, դժուար թէ փրկութիւն ունենայ: Բոլոր անոնք որոնք դէմ յանդիման գան այս վայրի անասունին, բնազդաբար կը վախնան եւ պայքարելու փոխարէն անյապաղ փախուստի կը դիմեն, յատկապէս երբ անոնց սովորութեան համեմատ գայլերը վոհմակով ներկայանան…:

Մարդկային կեանքը շատ չի՛ տարբերիր անտառի կեանքէն, ուր բոլորն ալ իրենց ստամոքսին յագեցման հետամուտ, թէպէտ յարմարագոյն որսին կը ցանկան, սակայն իրենց ձեռք ձգածով կը գոհանան այդ օր: Սակայն մարդիկ նման սահմանափակում չեն տար իրենց անսանձ ախորժակին: Միշտ աւելին ցանկալով, միշտ շուտ եւ շատ շահելու մոլուցքով անոնք կը հալածեն իրենց նմանները: Վաճառականական կամ առեւտրական գործառնութիւնները ընդհանրապէս կը կառավարուին շատ աւելի մեծ շահ ապահովելու սկզբունքով: Կարեւոր չէ՛ թէ ի՞նչ են միջոցները այդ շահը ապահովելու: Մեղադրանքներու դիմաց անոնք ունին արդարացուցիչ իրենց պատասխանը, ըսելով որ ատիկա գործին գաղտնիքն է: Ուրեմն, այնքան ատեն որ յաջողութեան հասնելու տենչը կայ, միջոցներու միջեւ խտրութիւն չդնելը ընդունուած է: Այսպէ՛ս է ներկայ աշխարհը իր տարօրինակ ըմբռնումներով:

Բարի մարդոց հոմանիշը գառնուկ կամ ոչխար է: Կը պատմուի, որ անտառի բարի կենդանիները տեսնելով գառնուկին վախը գայլի հաւանական յարձակումէն, խորհուրդ կու տան անոր ըսելով.

– Երբ տեսնես գայլը, թքէ՛ երեսին:

Գառնուկը այս խորհուրդ-խրատը լսելով զինք սրտապնդող բարի կենդանիներէն, կ՛ըսէ անոնց.

– Ո՛չ տեսնեմ, ո՛չ ալ թքեմ:

Մեր շրջապատին մէջ ապրող իսկապէս բարի մարդոց տիպարն է գառնուկը: Անիկա չի՛ կրնար չարութիւն գործել, նոյնիսկ մէկուն երեսին թքելո՛ւ չափ չարութիւն…:

Դուք ալ հանդիպած էք հաւանաբար այնպիսի անձերու, որոնք ամէն միջոցի կը դիմեն հեռու մնալու համար չարակամ մարդոցմէ: Անոնց հետ կռուիլը, կամ զանոնք յաղթահարելու նպատակով անոնց դէմ ճակատ բանալը, սկիզբէն իսկ ձախողած հեռանկար մըն է: Լաւագոյնը պիտի ըլլայ անոնցմէ հեռանալու որոշում կայացնելը, եւ ինչքան շուտ՝ այնքան լաւ:

Անմեղ գառնուկը ինչպէ՞ս կրնայ կանգնիլ գայլին դիմաց եւ ունենալ ժամանակ եւ յանդգնութիւն՝ թքելու անոր երեսին: Գայլը գիտէ՛ ինչպէս խտացնել այդ ժամանակը եւ առիթ չտալ գառնուկին, նոյնիսկ իր թուքը հաւաքելու մաքուր բերնին մէջ ու կոյս շրթներէն արտաբերելու զայն…: Չարէն հեռու մնալու լաւագոյն ձեւը գառնուկին կեցուածքը որդեգրելն է. «Ո՛չ տեսնեմ, ո՛չ ալ թքեմ…»:

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/08/2019, 12:10