Որոնել

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Գահակալութեան 25-ամեակը Արամ Ա. Կաթողիկոսին Գահակալութեան 25-ամեակը 

Արամ Ա. կաթողիկոսին գահակալութեան 25-ամեակը:

Յանձնախումբը յառաջիկային պիտի ճշդէ վեհափառ հայրապետին 25-ամեայ գահակալութեան առիթով կատարուելիք նախաձեռնութիւնները:

2020  թուականը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրապետական գահակալութեան 25-ամեակն է: Այս առիթով, Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը յատուկ յանձնախումբ մը նշանակած է հանդիսաւոր կերպով նշելու վեհափառ հայրապետին 25 տարիներու վրայ տարածուած հովուապետական առաքելութիւնն ու ծառայութիւնը:

Յանձնախումբին մաս կը կազմեն Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովի համաատենապետներ Օշական արք. Չօլոյեան եւ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ նոյն ժողովի անդամ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան. Քաղաքական ժողովի համաատենապետներ Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Գրիգոր Մահսերեճեան եւ նոյն ժողովի անդամ Սեդա Խտըշեան:

Յանձնախումբը յառաջիկային պիտի ճշդէ վեհափառ հայրապետին 25-ամեայ գահակալութեան առիթով կատարուելիք նախաձեռնութիւնները:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/08/2019, 09:45