Մօրանտի կամուրջը փլուզուած Մօրանտի կամուրջը փլուզուած 

Մորանտի կամուրջի աղէտալի փլուզման առաջին տարեդարձը։

14 օգոստոս 2019-ի ժամը 11.36-ին, ճիշդ աղէտի նոյն ժամուն, Կարդինալ Անճելօ Պանիասքօ, աղէտի վայրի տարածքին վրայ պիտի գլխաւորէ հոգեհանգստեան սուրբ պատարագ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ընթացիկ տարուայ Օգոստոսի 14-ին կը յիշատակուի Ճենովայի Մորանտի կամուրջի աղէտալի փլուզման առաջին տարեդարձը որուն  պատճառաւ զոհուեցան 43 անձինք ու հարիւրաւոր այլ անձեր տնազուրկ եղան։

Ունկնդրէ լուրը

Տարեդարձի առիթով՝ 14 օգոստոս 2019-ի ժամը 11.36-ին, ճիշդ աղէտի նոյն ժամուն, Ճենովայի Արքեպիսկոպոս՝ Կարդինալ Անճելօ Պանիասքօ, որպէս եկեղեցւոյ մօտիկութեան արտայայտութիւն, աղէտի վայրի տարածքին վրայ պիտի գլխաւորէ հոգեհանգստեան սուրբ պատարագ բոլոր զոհուածներու դիտաւորութեան,  մասնակցութեամբ անոնց ընտանեկան պարագաներուն,

Մորանտի Կամուրջը (Ponte Morandi) Փոլսէվէրա ճամբուն մաս կազմող, A10 բաժնի վրայ գտնուող լայն ճամբայ մըն է: Կամուրջը ձեւաւորուած էր Ռիքարտօ Մորանտիի կողմէ եւ ասոր համար է որ կը կրէ անոր անունը։ Շինուած է 1963-ի եւ 1967 միջեւ ու անոր բացումը կատարուած է մեծ շուքով՝ 4 սեպտեմբեր 1967-ին

Վերոնշեալ տարեդարձին առթիւ Ռատիօ Վատիկան Իտալիայի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին Կարդինալ Անճելօ Պանիասքօ հաստատեց թէ աշխարհի հայեացքը ուղղուած դէպի Ճենովա սպասումի հայեացք է։  Եթէ ընկերութեան մը մէջ կայ միութիւն եւ մասնակցութիւն՝ կարելի է լուծել բոլոր դժուարութիւնները եւ այժմ ցաւէն ու վշտէն ետք աշխարհը հայեացքը ուղղած է Ճենովայի վրայ, հասկնալու համար թէ որքանով ան իր կամքի ուժով եւ կարողութիւններով պիտի կարենայ յառաջ նայիլ՝ նայիլ քաղաքի ու անոր բնակիչներուն ապագային։ «Սպասումը տուաւ իր պտուղները ու Ճենովան ցոյց կու տայ իր կարողութիւնը շնորհիւ իր քաղաքացիներուն, իշխանութիւններուն ու յատկապէս իր հաւատքին» հաստատեց Ճենովայի Արքեպիսկոպոսը՝ Կարդինալ Պանիասքօ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/08/2019, 13:19