Ամազոնեան անտառները Ամազոնեան անտառները 

Ամազոնիա՝ Մեքսիկացի եւ Արժանթինցի եպիսկոպոսներուն կոչը։

Ամազոնի անտառները կը շարունակուին այրիլ ու այս ուղղութեամբ Արժանթինի եւ Մեքսիկայի եպիսկոպոսները իրենց ահազանգի ճիչը կ՛ուղղեն ի նպաստ արեւադարձային անտառին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մոլորակի ամենամեծ անտառը, որ կը գտնուի Ամազոնեան շրջանին մէջ, կ՛այրի մտահոգիչ կերպով ու այդ ուղղութեամբ բազմաթիւ Պետական գործիչներ ու բնապահպանութեամբ զբաղող ընկերակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ կոչեր կ՛ուղղեն այդ աղէտին ճառ մը գտնելու համար։ Անոնց շարքին է նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը որ անցեալ կիրակի օր կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին հրաւիրեց աղօթել որպէսզի այդ ահռելի հրդեհը որուն թիրախ է աշխարհ մոլորակի թոքը համարուող ամազոնեան անտառը՝ մարի։

Ունկնդրէ լուրը

Մեքսիկացի եպիսկոպոսները եւս չի զլացան իրենց ձայնը բարձրացնելու ու կոչ ուղղելու բնութիւնը կործանող այդ հրդեհը մարելու համար։ «Այդ աղէտը մարդու գործ է» կը  գրեն եպիսկոպոսները իրենց կոչ պատգամին մէջ  մատնանշելով որ «կ՛ապրինք մնացորդացի եւ սպառումի մշակոյթ մը որ կը մղէ չարաշահելու հողը ու անոր բարիքները» հուսկ կոչ կ՛ուղղեն բոլոր քաղաքական իշխանութիւններուն պայքարելու այդ հրդեհներուն դէմ ու այդ ուղղութեամբ նաեւ միացնելու բոլոր ջանքերը։

Արժանթինի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը  նոյնպէս, յառաջիկայ մէկ սեպտեմբերին նշուող Արարչութեան Նուիրուած Օրուան առթիւ հրատարակած մէկ պատգամին մէջ, ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ Ամազոնեան տարածաշրջանի մէջ բռնկուած հրդեհին վրայ, մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրը վերատեսելու մեր մոլորակի նկատմամբ վարուելակերպը։ Գերապայծառ  Օսքար Ոէա  հրաւէր կ՛ուղղէ աղօթելու որպէսզի Տէրը մեզի օգնէ ու սորվեցնէ ապրիլ խնամքի յարացոյցը, մայր հողին նկատմամբ յարգանքն ու պաշտպանութիւնը որ կը նշանակէ նաեւ յարգանք, խնամք ու պաշտպանութիւն որեւէ մարդ էակի որ կը բնակի մեր մոլորակի վրայ» կը գրէ Գերապայծառ Օսքար Ոէա։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/08/2019, 10:13