Որոնել

Մատակասկար Մատակասկար 

«Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» կազմակերպութիւնը ֆրանչիսկոս Պապին Մատակասկար այցելութեան կ՝ընկերանայ:

Մեր մաղթանք է նաեւ որ ֆրանչիսկոս Պապ խաղաղութին բերէ ընկերութեան մը մէջ՝ ուր ընտանիքներու, գիւղերուն մէջ խիստ բաժանում կը տիրէ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան 

«Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն»՝ քահանայապետական բարեսիրական կազմակերպութիւնը,  ֆրանչիսկոս Պապին Մատակասկար այցելութեան կ՝ընկերանայ՝ ձեռնարկելով տարբեր ծրագիրներ տեղական եկեղեցւոյ ի նպաստ:

Ունկնդրէ լուրը

Պապին Ճամբորդութեան ընկերանալու համար,  վերոնշեալ կազմակերպութիւնը նախաձեռնած է զանազան ծրագիրներ,  որոնց շարքին,  Սուրբ պատարագի դիտաւորութիւններ՝ Մատակասկարի  տեղական եկեղեցւոյ թեմերուն քահանաներուն համար,  նիւթական օժանդակութիւն կրօնական կազմաւորումի եւ հայեցողական կեանք ապրող  կրօնաւորուհիներուն համար:

Նկատի առնելով  Մատակասկարի առողջապահական համակարգի վատ կացութիւնը, ուր վերջին շրջանին,  աւելի քան 1200 անձ մահացած են վարակուած համաճարակի հետեւանքով,  «Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» բարեսիրական կազմակերպութիւնը , դեղորայք եւ պատուաստ հայթայթած է Սուրբ Պօղոս Զ անուան Աւագ նորընծայարանի 69 նորընծաներուն համար:    

Մորամանկ թեմի եպիսկոպոսը գերապայծառ Ռոզարիօ Վելլա, Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիրական կազմակերպութեան հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքի յայտնած է: 

«Մեր մաղթանքն է,  որ ֆրանչիսկոս Պապ պիտի կարողանայ յոյս փոխանցել Մատակասկարի բնակչութեան սիրտերուն մէջ,  որոնք վաղուց եւ  ի զուր՝  ջանք կը թափեն եւ կը որոնեն ընկերութեան մէջ բան մը փոխել: Մեր մաղթանք է նաեւ որ  ֆրանչիսկոս Պապ խաղաղութին  բերէ  ընկերութեան մը մէջ՝ ուր ընտանիքներու,  գիւղերուն մէջ  խիստ բաժանում կը տիրէ:

Ի վերջոյ գերապայծառ  Վելլա  յայտնած է թէ  « եկեղեցին,  որուն հետ ֆրանչիսկոս Պապի պիտի հանդիպի մեծ կղզիին մէջ,  մտահոգ եկեղեցին մըն է, երկրին մէջ մահմետականներուն թիւի արագ աճումի պատճառաւ »:

8Կան ծրագիրներ՝արտասահմանի օժանդակութեամբ, Մատակարարի մեծ մասը մահմետականացնելու համար:»  ըսած է  Գերապայծառ Վելլա: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/08/2019, 11:07