Որոնել

Երանելի Մալոյեան Երանելի Մալոյեան 

Երանելի Մալոյեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած բանախօսութիւն։

Աւազանի անունով՝ Շուքրալլա Մալոյեան, ծնած է Մարտին 1869-ին, բարեպաշտ ընտանիքի մը յարկին ներքեւ:

Կիրակի 11 օգոստոս 2019-ին երեկոյեան Լիբանանի Զմմառու մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ,  Երանելի Իգնատիոս Արքեպիսկոպոս Մալոյեանի ծննդեան 150 ամեակի նուիրուած յուշ երեկոյ։  Կից կը ներկայացնենք այդ առթիւ արտասանուած բանախօսութիւնը։

 

''Երանի մեռելոցն, որք ի Տէր ննջեցին,

զի գործք իւրեանց չոգան զհետ նոցա''

 (Յայտնթ., ԺԹ 13)

 

         1869 թուականը, հայ տաղանդաւոր Տիտաններու ծնունդի շրջան մը եղաւ: Հայորդինե՛ր որոնք պատիւ բերին ո՛չ միայն Հայաստանի եւ հայութեան, այլեւ՝ համայն աշխարհին:

        Հայազգի այս արժանաւոր զաւակներէն յիշատակութեան արժանի են՝ Մեծ երաժիշտ Կոմիտաս վարդապետը, Ամենայն հայոց բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Թումանեանը, Երանելի Իգնատիոս Արք. Մալոյեանը եւ այլ մտաւորականներ եւ մշակութային գործիչներ, որոնք հայ ազգին համար պատմական շրջադարձ մը կատարեցին:

        

        Հայ ժողովուրդի փառաւոր և միանգամայն տխուր պատմութեան նման, վերոյիշեալ տիտանները, ինչպէս նաեւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբան՝ Երանելի Իգնատիոս Արք. Մալոյեանը՝ ունեցան երջանիկ և դժբախտ օրեր: Արդարեւ՝ 1915 թուին, ազգային արժանապատուութեան ոտնահարումի և հայ ժողովուրդի ուսին ծանրացած անագորոյն լուծի մռայլ օրերուն՝ Երանելի Մալոյեան, իր կեանքի 46-րդ տարիին, ցեղասպան թուրքին խարդաւանանքին զոհ գնաց:        

         Այսօր, մեր հանդիսութիւնը կը յատկանշուի Երանելի Մալոյեանի ծննդեան 150 ամեակի յիշատակումով: Աւազանի անունով՝ Շուքրալլա Մալոյեան, ծնած է Մարտին 1869-ին, բարեպաշտ ընտանիքի մը յարկին ներքեւ: Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրին մէջ: Տեղւոյն Առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Մելքոն Եպս. Նազարեան՝ տեսնելով պատանի Շուքրալլայի քահանայական կոչումի փափաքը և աղօթքի ջերմեռանդ հոգին, 1883-ին զայն կ'ուղարկէ Զմմառու դպրեվանք:

Զմմառու Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Միաբանութեան մայրավանքը ուխտավայրն էր նուիրուած Ցաւագին Տիրամօր, որ պատանի նորընծային սիրտն ու հոգին պիտի կոփէր:

Այնտեղ, հինգ տարի ուսանելէ ետք, առողջութեան խանգարումի պատճառով 1888-ին՝ կը վերադառնայ հօրենական տունը. ապա երեք տարիներ ետք ապաքինուած՝ կրկին կը վերադառնայ Զմմառ, ուր կը շարունակէ իր ուսումը և կը հետեւի իմաստասիրական եւ Աստուածաբանական ճիւղերուն:

          1896-ին, ուսումը յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, Ս. Հաղորդութեան տօնին՝ քահանայ կը ձեռնադրուի, ստանալով Իգնատիոս անունը, ի սէր Իգնատիոս Անտիոքացի մեծ սուրբին, որուն կեանքն ու նահատակութիւնը խոր ազդեցութիւն ձգած էր իր վրայ: Այնուհետեւ ան որպէս ժողովրդապետ՝ մինչեւ 1911 կը ստանձնէ զանազան պաշտօններ, այլազան առաքելավայրերու մէջ, ինչպէս՝ Գահիրէ, Աղեքսանդրիա, Պոլիս և Մարտին:

          1911-ին, Հայ Կաթողիկէ Սիւնհոդոսական Հայրերու կողմէ  Մարտին քաղաքի և անոր շրջակայ գիւղերուն եպիսկոպոս կ'ընտրուի և եպիսկոպոսական  օծումը կը ստանայ Հռոմի մէջ: 1912-ին, կը մեկնի Մարտին, ուր կը ստանձնէ տեղւոյն Առաջնորդական պաշտօնը: Մալոյեան ունէր խոր ջերմեռանդութիւն մը Յիսուսի Սուրբ Սրտին և Աստուածամօր հանդէպ: Այդ բարեպաշտութիւնը իրեն համար իւրայատուկ սիրոյ աղբիւր էր Թեմի քահանաներուն և հաւատացեալներուն հանդէպ, որոնք պապակը ունէին նման Առաջնորդ մը ունենալու: Անշուշտ խոստումնալից էր Առաջնորդին պաշտօնավարութիւնը, սակայն գալիք օրերու դէպքերը հայ ժողովուրդի մէկ կարեւոր մասին ճակատագիրը պիտի պայմանաւորէին:

 Մեր խօսքին մէջ պիտի կեդրոնանանք նաեւ՝ Զմմառու միաբանին ծաւալած վաստակին և նահատակութեան վրայ: Աւելի՛ն, պիտի փորձենք մօտենալ անոր տեսլականին և ամբողջանուէր  ծառայութեան, որ իր անսասան հաւատքով, անսպառ եռանդով, հեղինակութեամբ եւ եղերական վախճանով՝ հայ ժողովուրդի բիւրաւոր նահատակներուն դասին միացաւ:

Մարտինի մէջ, Մալոյեանի Առաջնորդութեան օրերուն, Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայկական վարժարանները կը գտնուէին անմխիթար վիճակի մէջ, ուսման համար տրամադրելի կրթական մշակներ չկային, այս պատճառաւ Մալոյեան Արքեպիսկոպոս առաջին հերթին կը նուիրուի թեմին կրթական համակարգի բարելաւման, անձամբ հետեւելով աշակերտներուն ուսման և հայեցի դաստիարակութեան, ուսուցչական կազմի ընտրութեան եւ այլ ոլորտներու զարգացման: Այս բոլորին զուգահեռ ան կը փորձէր հոգեւորն ու ազգայինը իրար միացնել:

Իգնատիոս Արքեպիսկոպոսը հետամուտ էր նաեւ քահանայութեան թեկնածուները Մարտինէն Զմմառու վանք ուղարկել, իր թեմին և Միաբանութեան նոր առաքեալներ պատրաստելու համար: Ինչպէս նաեւ մօտէն կը հետեւէր թեմի ութ քահանաներու հովուական առաքելութեան, որպէսզի բարենորոգեն հաւատացեալ ժողովուրդի կենցաղը:

Մալոյեան թուրք կառավարութեան կողմէ եղած նեղութիւններուն և արգելքներուն ընդմէջէն՝ կը տեսնէր նաեւ վտանգ մը, որ կը սպառնար ո՛չ միայն հայ ժողովուրդին, այլեւ  բոլոր քրիստոնեայ համայնքներու գոյութեան:  

Այդ օրերուն՝ թրքական իշխանութիւնները գաղտնի կը ծրագրէին հայ մտաւորական կեանքը խաբանելու Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, մանաւանդ հայերէն լեզուի ուսուցումը վերջնականապէս կասեցնելու:

Մալոյեան ի հեճուկս վերահաս ողբերգութեան՝ միջոց կը փնտռէր հայ կղերը և ժողովուրդը փրկել նահատակութենէ, որովհետեւ թուրք իշխանութեան ծրագիրը յստակ էր՝ վերացնել Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ ապրող քրիստոնեայ ազգերը եւ անոնց փոխարէն թուրքեր բնակեցնել:

Մարտինի մէջ Հայ ժողովուրդի տեղահանութեան գործադրութիւնը տեղի ունեցաւ, երբ տեղւոյն նենգամիտ իշխանութիւնը դատական ատեան կազմեց և Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդը ամբաստանեց հայրենիքի դաւաճանութեան յանցանքով, այն պատճառաբանութեամբ որ ան զէնք ու զինամթերք պահած ըլլար եկեղեցիին մէջ: Այսպէս՝ անոնք Մալոյեան Արքեպիսկոպոսը ձերբակալեցին և դատապարտեցին:

Այդ օրերուն տեղի ունեցած տխուր դէպքերուն մասին, ականատես հոգեւորական՝ Գերապայծառ Իսահակ Արմալէն, Ասորի եպիսկոպոսը հետեւեալ վկայութիւնը կու տայ, կը մէջբերեմ. «Թուրքերը Մարտինի մէջ Երանելի Մալոյեանին եւ իր հօտին դէմ կեղծ ապացոյցներով դատական ատեան կազմեցին կայսրութեան եւ անոր բարձր իշխանութեան դէմ, զէնք ու զինամթերք կուտակելու յանցանքով և զինեալ ապստամբութիւն կազմակերպելու մեղադրանքով: Սակայն երբ ատեանի առջեւ այդ բոլոր կեղծ մեղադրանքները Մալոյեան ի դերեւ հանեց, և մեղադրող կողմը  չկարողացաւ որեւէ շօշափելի փաստեր ներկայացնել. այս անգամ փորձեցին բռնութեամբ հասնիլ իրենց նպատակին, այդ պահուն Մալոյեան իր դէմ բռնութեան փորձ ձեռնարկողին դիմեց ըսելով՝ «Հանգիստ մնայ եւ չի փորձուիս սահմանդ անցնիլ, դուն իրաւունք չ'ունիս ձեռք երկարել անձի մը, որ բարձր դուռը զինք ճանչցած է որպէս հոգեւորական եւ ունի պետական հովանաւորութիւն»:

Ամբաստանող կողմը, լկտի ու հեգնական պատասխանով երբ կը փորձէր նուաստացնել հայ հոգեւորականը, այդ պահուն նիստին ներկայ թուրք պաշտօնեաներէն մէկը չարամտութեամբ ըսաւ. «Թէեւ անհրաժեշտ է քեզ եւ քու համայնքիդ ստորնացնել, քանի որ կեղծ պատճառաբանութիւններ ներկայացուցիր, սակայն մեկնելով քեզի հանդէպ ունեցած սէրէս եւ գթալով քու այս վիճակիդ՝ առաջարկ մը ունիմ. եթէ գործադրես, ապա կը փրկուիս անխուսափելի մահէն եւ կը մնաս յարգուած ու պատուուած մեր մէջ, այն է՝ կրօնափոխ ըլլաս և զայն ի լուր աշխարհին յայտնես»:

Առաջնորդ Հօր պատասխանը յստակ և վճռակամ կ'ըլլայ նենգամիտ թուրքին. «Երբե՛ք, Աստուած մի՛ արասցէ, որ ես կրօնափոխ ըլլամ եւ հաւատքս ուրանամ: Ես պատրաստ եմ իմ արիւնս թափել յանուն հաւատքիս ու ազգիս, քանզի ճշմարտապէս գիտեմ, որ Ան, որուն սիրոյն համար պէտք է չարչարուիմ, ի՛նք խաչուեցաւ, որ ե՛ս ապրիմ: Եւ ես ինքզինքս երջանիկ մէկը պիտի համարեմ, եթէ Քրիստոս զիս արժանի ընէ երկնքի բարձունքներու մէջ իրեն հանդիպելու: Այնպէս որ ձեզի կը մնայ զիս չարչարել, սուրերով-սուիններով եւ զէնքերով մարմինս խոցել եւ բաժան-բաժան ընել, քանի որ ես երբեք չեմ ուրանար իմ հաւատքս»: Դատավարութենէն ետք, թուրքերը մուտք կը գործեն Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարան և հոն գտնուող դիւանն ու Առաջնորդին սեփական առարկաները կը թալանեն:

Հայր Իսահակ կը շարունակէ վկայել, կը մէջբերեմ. «Կարելի չէր պատկերացնել այն վայնասունն ու խոշտանքումը, որ հետեւեցան սոյն դատավարութեան: Զինք մեկուսարանին մէջ բազմապիսի տանջանքներու ենթարկելէ ետք՝ նահատակութեան արժանացուցին»:

Այսպէս Երանելի Մալոյեան օրինակ կը հանդիսանար իր հօտին, յանձն առնելով ամէն տեսակի անարգանքները,  նախատինքներն ու տանջանքները: Միաժամանակ զօրավիգ կանգնելով անոնց՝ մօտալուտ նեղութեանց:  

Այս բոլոր չարչարանքները ան մեծ համբերութեամբ և սրտի կորովով կրեց, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը, ինչպէս Ս. Պօղոս Առաքեալը կ'ըսէ, զինք կը մղէր իր արիւնը թափելու և մեռնելու ի սէր Յիսուսի և հոգիներու փրկութեան:

Մալոյեանի նահատակութիւնը անխուսափելի էր, պահը օրհասական էր եւ ի՛ր և իր ժողովուրդի՛ն նկատմամբ առնուած որոշումները՝ ճակատագրական:

Թուրք պետութիւնը կը խորհէր, որ պատիւներ ընծայելու խոստումը կամ ֆիզիքական ճնշումները, հնարաւոր պիտի դարձնէին Մալոյեանի կրօնափոխութեան: Սակայն հակառակ անոնց դիւային խորհուրդին՝ Երանելի Մալոյեան հաստատուն  մնաց իր պապենական հաւատքին վրայ, մարտիրոսութեան գաղափարը առաջ մղելով՝ յանուն քրիստոնէական հաւատքին:

Մալոյեանի ծնունդէն 150 տարիներ ետք՝ պատմութիւնը մեզի հետեւեալ կարեւոր պատգամը կը փոխանցէ. ապրիլ արժանավայել եւ Աստուածահաճոյ կեանք մը, չշեղիլ ի վերուստ մեզի տրուած սրբազան առաքելութենէն և կառչած մնալ քրիստոնէական հաւատքին ու սկզբունքներուն:  

 

2001 թուի Հոկտեմբեր ամսոյն, Հռոմի Սրբազան Քահանյապետ՝ Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ., Երանելի հռչակեց Զմմառու միաբան՝ Մալոյեան Արքեպիսկոպոսը: Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սրբադասման կանոնագրութեան համաձայն՝ Երանելի հռչակուած անձ մը՝ կը սրբադասուի երբ մեծ հրաշք մը գործէ: Այսօր այս յիշատակելի օրուայ հանդիսութեան առթիւ՝ շատ փափաքելի պիտի ըլլայ եթէ աղօթէիք որ Երանելին հրաշք մը գործէ. Առ այս՝ կը դիմենք ձեզի, որպէսզի աղօթք բարձրացնէք Աստուծոյ այս նպատակին համար:  

Այսօր, երբ մենք այստեղ համախմբուած՝ մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցանենք Երանելի Մալոյեանին, ի խորոց սրտի մեր աղօթքը կ'ուղղենք առ բարձրեալն Աստուած, թախանձագին խնդրելով, որ Ան իր գթառատ մարդասիրութեամբ, հայազգի Երանելին իր սուրբերու դասերուն արժանացնէ եւ անոր միջնորդութեամբ համայն հայութիւնը պահէ ու պահպանէ:

    Մեր աղօթքը կ'ուղղենք նաեւ Տիրամօր,

      -   Ով Զմմառու Ցաւագին Տիրամայր, քու բարեխօսութիւնդ կը հայցենք այսօր, լսէ՜ մեր աղաչանքները և արժանի ըրէ մեզի Երանելի Մալոյեանի օրինակին հետեւելու, որպէսզի մեր կղերը հաւատքով և լի սիրով ծառայէ հոգիներու փրկութեան և հայ ազգի արդար իրաւունքներուն:

-        Բարեխօսութիւնդ կը հայցենք ով Երանելի Մալոյեան, Քահանայական նոր կոչումներու համար, որուն խիստ կարիքը կը զգայ Եկեղեցին այսօր, պահէ՛ ու պաշտպանէ՛ քու անունդ կրող Զմմառու դպրեվանքը, իր վարդապետներով և նորընծաներով:

-        Դարձեալ կ'աղաչենք քեզի ո՜վ Սուրբ Տիրամայր, ինչպէս որ Նահատակ Երանելին տոգորուած էր քու սիրովդ, մեզ ալ տոգորէ քու ջերմ սիրովդ: Դուն որ հզօ՜ր և հրաշագործ բարեխօս ես՝ աղօթէ մեզի համար քու Որդիիդ առջեւ:

-        Ով Զմմառու Տիրամայր՝ Դուն որ Մայրն ես բոլոր քահանաներուն, քու պաշտպանութեանդ հովանիին ներքոյ, հեռու պահէ Միաբանութիւնս եւ անոր բոլոր անդամները ամէն փորձանքէ և չարէ, այժմ և միշտ և յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/08/2019, 10:15