Յիսուսեան միաբանութեան անդամ հայր Փաոլօ Տալլոլիo Յիսուսեան միաբանութեան անդամ հայր Փաոլօ Տալլոլիo 

Յիսուսեան միաբանութեան անդամ հայր Փաոլօ Տալլոլիոյի արեւանգումին վեցերորդ տարեդարձը։

Այսօր 65 տարեկան հայր Փաոլօ Տալլոլիոյ ճանչցուած էր որպէս քրիստոնեաներու ու մահմետականներու միջեւ երկխօսութեան մարդ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

29 Յուլիս 2013-ին Սուրիոյ Ռաքքա շրջանին մէջ հաշտարարի դեր կատարելու կամքով գնուող Յիսուսեան միաբանութեան անդամ` Հայր Փաոլօ Տալլոլիօ կ՛արեւանգուէր Սուրիոյ  մէջ գործող ահաբեկիչներէ եւ այդ օրէն ի վեր անոր մասին յստակ տեղեկութիւններ չկան։

Ունկնդրէ լուրը

Այսօր՝ 29 յուլիս 2019-ին կը յիշատակուի այդ ողբերգական դէպքին  վեցերորդ տարեդարձը որուն առթիւ «Հայր Փաոլօ Տալլոլիոյի բարեկամներ» անուամբ  ընկերակցութիւնը, Հայր Տալլոլիոյի քոյրերուն՝ Ֆրանչեսքա եւ Իմմաքոլաթա ու անոր եղբօր Ճովաննիին հետ միասին կազմակերպած են մամլոյ ասուլիս մը։ 

Այսօր 65 տարեկան հայր Փաոլօ Տալլոլիոյ ճանչցուած էր որպէս քրիստոնեաներու ու մահմետականներու միջեւ երկխօսութեան մարդ։ Սուրիոյ մէջ հիմնած է ''Մար Մուսա'' համամիութենական վանատունը եւ յաճախ անոր յանձնուած է միջնորդի առաքելութիւն մը։

Անոր արեւանգումին վեցերորդ տարեդարձին առթիւ անոր քոյրերէն մին Ֆրանչեսքան Ռատիօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզի հետ ունցած զրոյցի մը ընթացքին,  նշեց թէ Փաոլոն իրեն համար անձ մըն է որ միշտ ջանացած է իմաստ տալ իր կեանքին, ըլլալ հետեւողական ու վկայել սէրը ուրիշին նկատմամբ։

Անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Պապին վերջերս Սուրիոյ Նախագահին ուղարկած նամակին որուն մէջ ան  յատուկ ուշադրութիւն կը յատկացնէր առեւանգուած կամ անյայտ վիճակով անձերուն, Ֆրանչեսքա Տալլոլիոն յայտնեց թէ իրեն համար այդ պատգամը մեծ նշանակութիւն ունի ու թէ ինք որպէս  Հայր Փաոլոյին քոյրը ինքզինք կը զգայ նաեւ քոյր սուրիոյ բնակչութեան ու յատկապէս բոլոր այն ընտանիքներուն որոնք տակաւին լուր կը սպասեն իրենց սիրելիներուն  ճակատագրի մասին։

Ֆրանչեսքա Տալլոլիօ խօսեցաւ ապա Հայր Փաոլոյի վերջին հարցազրոյցի մասին՝ 28 Յուլիս 2013-ին, իր արեւանգումէն մէկ օր առաջ, որուն մէջ ան կ՛ընդգծէր հարկաւորութիւնը ստեղծելու  ներառնող ընկերութիւն մը, քաղաքացիութիւն մը որ կարող ըլլայ ընդելուցել բոլոր տարբերութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/07/2019, 11:26